Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխխօսնակ Վետանթ Փաթել յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները շահագրգռուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու իրականացումով։
Դեկտեմբերին Պաքու այցելելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմզ Օ՛Պրայըն յայտարարեց, որ Էնթընի Պլինքըն կ՛ակնկալէ շուտով Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները` խաղաղ բանակցութիւններու համար:
Երեւան արձագանգեց, որ, թէեւ այդպիսի պայմանաւորուածութիւն չկայ այս պահուն, սակայն հայկական կողմը պատրաստ է բանակցութիւններու:
Պաքու նախ Միացեալ Նահանգները մեղադրեց «կողմնակալ միջնորդ» ըլլալու մէջ, ապա Կրանատայէն եւ Պրիւքսէլէն ետք պոյքոթի ենթարկեց արտաքին գործոց նախարարներու Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւնները:
Փաթել դիտել տուաւ, որ նորութիւն չունի Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հնարաւոր հանդիպման ժամանակացոյցի մը մասին, բայց անհամբեր կը սպասեն, որ շուտով այդ մասին խօսուի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով ըսած էր, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատրաստ է մեկնիլ Մոսկուա` բանակցութիւններու, նոյն հետաքրքրուածութիւնը կա՞յ Ուաշինկթընի հարթակին նկատմամբ՝ Փաթել ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներ ջանասիրաբար կ՛աշխատի վերջնագիծին հասնելու համար` սերտօրէն համագործակցելով թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ միւսներուն հետ, որոնք կ՛աշխատին այս հարցին շուրջ»։