

«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Բարեկամներ»ը Կիրակի, 21 Յունուարին իրականացուց դրամահաւաքի ձեռնարկ մը՝ աջակցութիւն ապահովելու համար Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի ընտրապայքարին:
Դրամահաւաքի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Սիլվա Կիրակոսեաններու բնակարանին մէջ, ուր ներկայ էին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի բարեկամներ, վարչութեան անդամներ եւ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը խանդավառութեամբ կը զօրակցի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի ընտրապայքարին: Վստահ ենք, որ ան հայութեան մտահոգութիւնները նաեւ Քոնկրես պիտի հասցնէ, հարստացնելով Հայաստանին, Արցախին եւ ամերիկահայութեան ի նպաստ տարուած գործունէութեան իր պատմութիւնը», հաւաքին ընթացքին յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Փետրուարին յայտարարեց, թէ որոշած է զօրակցիլ Ներկայացուցիչներու տան յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած Փորթանթինոյի ընտրապայքարին: Փորթանթինօ կը փափաքի ներկայացնել Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 30րդ ընտրատարածքը, որուն ներկայ ներկայացուցիչն է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ թեկնածու է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութիւններուն:
Նահանգային քաղաքական կեանքին իր հայանպաստ քայլերով յայտնի Փորթանթինօ յատկանշական քայլեր առած է` սերտացնելու համար Քալիֆորնիոյ յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն հետ, հաստատելով Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը եւ Հայաստանի հետ նահանգին առեւտուրը սերտացնող կեդրոնները: Ան կարեւոր աշխատանք տարած է նաեւ նահանգային մակարդակի վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն մէջ։


Ան նաեւ 10 միլիոն տոլար ապահոված է Հայ-ամերիկեան թանգարանին համար եւ 500,000 տոլար` հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրներուն ի նպաստ:
Փորթանթինօ կը շարունակէ իր հայանպաստ գործունէութիւնը եւ համահեղինակն է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած այն բանաձեւին, որ կը դատապարտէ Արցախի շրջափակումը:
Նշենք, որ Փորթանթինօ երկու առիթներով արժանացած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակին, նախ իբրեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ`2011ին, ապա՝ իբրեւ նահանգային Ծերակոյտի անդամ՝ 2017ին:
Դրամահաւաքի ձեռնարկին հիւրընկալը՝ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Բարեկամներուն անունով յաջողութիւն մաղթեց Փորթանթինոյի ընտրապայքարին՝ վստահեցնելով, որ ան պիտի շարունակէ հայութեան իրաւունքները պաշտպանել նաեւ Քոնկրեսին մէջ:
Իր կարգին, Փորթանթինօ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ ամոլին եւ «Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Բարեկամներ»ուն, իրենց համար պատիւ համարելով ցուցաբերուած աջակցութիւնը: