Լուվր թանգարանը կը պատրաստուի հիմնելու բիւզանդական արուեստին եւ արեւելեան քրիստոնէութեան նուիրուած բաժանմունք մը, որ պիտի ներառէ նաեւ Հայաստանը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի:
«Տարեկան 9.6 միլիոն այցելու ունեցող Լուվրը առաջինն է աշխարհի մէջ: Լուվրի մէջ կը նախապատրաստուին հիմնումին Բիւզանդական արուեստին եւ արեւելեան քրիստոնէութեան նուիրուած բաժանմունքի մը, որ պիտի ներառէ նաեւ Հայաստանը: Իսկ Հայաստանի մէջ Լուվրը կ՛աջակցի Էրեբունի թանգարանի վերանախագծման», գրած է դեսպան Տըքոթինյի։