ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ 23 Յունիս 2007ին, Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հանդիում մը ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախկին նախագահ Մոհամմէտ Խաթեմիին հետ եւ գրաւոր պատգամ մը փոխանցեց անոր:
Վեհափառ հայրապետին պատուիրակը նախագահ Խաթեմիին յայտնեց յատկապէս, Նորին Սրբութեան յառաջիկայ առաջադրանքները կրօններու երկխօսութեան առնչութեամբ: Այս գծով, սրբազանը խորհրդակցեցաւ նախկին նախագահին հետ, միջկրօնական ծրագրի մը շուրջ: