Հայաստանի տարածքին մէջ արտատարածքային միջանցքի մը հարցի արծարծումը որեւէ աղերս չունի միջազգային իրաւունքի, երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային ինքնիշխանութեան հետ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ «Լուրեր»ուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին, այս մասին յայտարարեց Հայաստանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանի՝ պատասխանելով լրագրողին հարցումին, թէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծման մասին կը շարունակեն հնչել պահանջներ ո՛չ միայն Ատրպէյճանէն, այլ նաեւ Թուրքիայէն, ի՞նչ դիրքորոշում ունի Իրանը արտատարածքային միջանցք ենթադրող թէզերուն շուրջ:
Սոպհանի շեշտեց, որ այլ երկրի մը տարածքին մէջ արտատարածքային միջանցքը որեւէ իմաստ չունի, իսկ իւրաքանչիւր երկրի հաղորդակցութեան ուղիները կը գտնուին այդ տարածքին մէջ ինքնիշխանութիւն ունեցող պետութեան ձեռքը:
«Կը կարծեմ, թէ, ինչպէս նշուած է Հայաստանի վարչապետին «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրին մէջ, Հայաստանի տարածքին մէջ տարածքային որեւէ կապ պէտք է գործէ այդ երկրի ազգային ինքնիշխանութեան տակ: Այն երկիրները, որոնք կը խօսին Հայաստանի տարածքին մէջ արտատարածքային միջանցքի մը մասին, պատրա՞ստ են արդեօք իրենց տարածքին մէջ ստեղծել նման արտատարածքային միջանցքներ: Կը կարծեմ, որ պատասխանը բացասական է: առ այդ, ինչ որ իրենց համար չեն փափաքիր, ուրիշներուն համար ալ պէտք չէ փափաքին», ըսաւ Սոպհանի:
Ան նաեւ նշեց, որ Իրանի դիրքորոշումը չէ փոխուած այս հարցին մէջ. իրենք դէմ են տարածաշրջանին մէջ սահմաններու եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն:
«Սահմաններու փոփոխութիւնը մեզի համար կարմիր գիծ է. ասիկա յայտարարուած է Իրանի բարձրագոյն իշխանութիւններու մակարդակով, եւ ոչ ոք կրնայ փոխել այդ մէկը», եզրափակեց Սոպհանի: