ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի «Գէորգեան» հոգեւոր ճեմարանի եւ Սեւանի «Վազգէնեան» դպրանոցի դիմումները կ’ընդունուին մինչեւ Օգոստոս 25, ապա՝ պիտի սկսին քննութիւնները: Այս մասին յայտնեց «Գէորգեան» հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Վազգէն վրդ. Նանեան եւ նշեց, որ դիմողները քննութիւն պէտք է տան՝ հայոց լեզու, գրականութիւն, հայ ժողովուրդի պատմութիւն, օտար լեզու: Պիտի ստուգուին նաեւ անոնց ձայնային տուեալները:
Իւրաքանչիւր տարի ճեմարան կը դիմեն 60-70 հոգի, որոնցմէ կ’ընդունուին 40-45ը: Կը դիմեն նաեւ այլ երկիրներէ, մասնաւորապէս Վրաստանէն, Ռուսիայէն, Սուրիայէն, Իրաքէն:
Այս տարի «Վազգէնեան» դպրանոցի քառամեայ դասընթացքները աւարտած եւ «Գէորգեան» ճեմարան տեղափոխուած են 14 սաներ, իսկ ճեմարանի վեցամեայ դասընթացքները աւարտած եւ աշխատանքի նշանակուած են 31 հոգեւորականներ: Այժմ ճեմարանին մէջ կ’ուսանին 90, իսկ դպրանոցին մէջ՝ 59 սաներ:
Նշենք, որ «Գէորգեան» ճեմարանը 2002էն դարձած է բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն, անցած է արտօնագրման բոլոր փուլերը:
Ճեմարանը 1945-1999ին տուած է 265, 1999-2006ին՝ 166 շրջանաւարտ: