ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի (ՀՊՄՀ) Համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեանի աշխատասիրութեամբ, յառաջաբանով եւ ՀՊՄՀ Պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի խորհուրդին երաշխաւորութեամբ՝ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ հայ ականաւոր պետական, կուսակցական գործիչ եւ ռազմավարական միտքի եզակի ներկայացուցիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայաստանը Եւ Աշխարհաքաղաքական Իրավիճակը Տարածաշրջանում» ծաւալուն հատորը:
Գիրքին մէջ ներկայացուած են մեծանուն գործիչին երկու կարեւոր ուսումնասիրութիւնները, որոնք իրենց բովանդակային ընկալումով մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Հեղինակը մանրակրկիտ կերպով կը վերլուծէ տարածաշրջանին մէջ եւ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող մեծ տէրութիւններու աշխարհակալական ձգտումներու անցած ուղին, իր ժամանակաշրջանին անոնց ընթացքը եւ հաւանական զարգացումները: