Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի 44րդ վեհաժողովը: «Միջազգային ընտանիքին համար ամօթ է, որ կ՛արտօնէ Կազայի մէջ ստոր ոճիրներու շարունակութիւնը: Ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը բռնագրաւողին համար ի զօրու չէ, եւ Իսրայէլի գործած ցեղասպանական ոճիրները չի թոյլատրեր», վեհաժողովի բացման նիստին ընթացքին յայտնեց Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Թանի իշխանը:
«Կը շարունակենք ջանք թափել զինադադարի վերականգնման ու պատանդներու եւ գերիներու ազատ արձակման համար», իր կարգին յայտարարեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ պըն Ապտըլ Ռահման Թանի:
Վեհաժողովի աւարտին որդեգրուեցաւ հռչակագիր մը, որ կը հաստատէ, թէ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը կը կանգնի պաղեստինցի ժողովուրդին կողքին եւ աշխատանք կը տանի Կազայի բնակիչներուն տառապանքը դադրեցնելու, ինչպէս նաեւ անցնող տարիներուն ընթացքին իսրայէլեան բանակին Կազայի մէջ քանդածին վերականգնման համար աջակցութեան ձեռք կ՛երկարէ:
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարները խոր մտահոգութիւն եւ մեծ դժգոհութիւն յայտնեցին պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան յարձակումին առնչութեամբ եւ դատապարտեցին Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակին գործած սանձարձակ բռնարարքներուն ու ռմբակոծումներուն, քաղաքայիններու բռնի տեղահանման, քաղաքային կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու քանդման, բնակելի շէնքերու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ պաշտամունքի վայրերու քանդման նկատմամբ` նշելով, որ այդ արարքները բացայայտ կերպով կը խախտեն միջազգային օրէնքն ու միջազգային մարդասիրական օրէնքը:
Վեհաժողովը զգուշացուց, որ տագնապը կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ այլ շրջաններ տարածուիլ, եթէ իսրայէլեան յարձակումը չդադրի, ինչ որ շրջանի բնակիչներուն, միջազգային ապահովութեան ու խաղաղութեան համար ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւնները միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեցին` միջամտելու զինադադար հաստատելու, պաղեստինցի քաղաքայինները պաշտպանելու եւ միջազգային օրէնքին համաձայն պէտք եղած քայլերը որդեգրելու` հակադարձելու համար Իսրայէլի արարքներուն եւ Կազայի անզէն բնակչութեան դէմ կիրարկուող հաւաքական պատիժի քաղաքականութեան:
Միւս կողմէ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ը հաղորդեց, որ Իսրայէլ տեղադրած է մղիչներ, որոնցմով կ՛ուզէ Համասի` Կազայի տակ գտնուող փապուղիներու համակարգը ողողել ծովու ջուրով, սակայն տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած: