ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻ 16,000Ի
Կազայի մէջ քանի մը անգամ երկարաձգուած զինադադարը, որ տեւած էր 7 օրեր եւ որուն ընթացքին տեղի ունեցած էին գերիներու առօրեայ փոխադարձ ազատ արձակումներ, վերջ գտաւ Ուրբաթ օր, որմէ ետք Իսրայէլ սկսաւ Կազայի սաստիկ ռմբակոծումը, մինչ բազմաթիւ ճակատներու վրայ սկսան բուռն բախումներ:
Ըստ Երկուշաբաթի օրուան տուեալներուն՝ Կազայի մէջ ցարդ սպաննուած են առաւել քան 15,800 պաղեստինցիներ, իսկ Արեւմտեան Ափին մէջ՝ մօտաւորապէս 300 ուրիշներ։
Պաղեստինեան «Համաս»ը յայտարարեց, որ Իսրայէլը եւ Միացեալ Նահանգները կը կրեն ժամանակաւոր զինադադարի դադրեցման պատասխանատուութիւնը:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, թէ կը ցաւի զինադադարի աւարտէն ետք Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին շարունակման համար՝ աւելցնելով. «Զինադադարին վերադառնալու համար պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ հանդարտեցման համար պէտք եղածը պիտի ընենք»:
«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարի երկարաձգման համար աշխատանքը», իր կարգին հաղորդեց Սպիտակ տունը, իսկ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան կոչ ուղղեց՝ Կազայի մէջ մարտերը դադրեցնելու, «քանի տակաւին ուշ չէ»:
«Գերիները զինուորական գործողութիւններով կարելի չէ ազատել, անոնք պայթումներու պատճառով կրնան միայն մահանալ: Այն փաստը, որ Ուաշինկթըն եւ Թել Աւիւ որոշած են շարունակել այս պատերազմը, կը նշանակէ որ անոնք ցեղասպանութեան նոր արարք մը կ՛ուզեն իրականացնել Կազայի հատուածին եւ Արեւմտեան Ափին մէջ», ընդգծեց Ապտոլլահեան:
Նաեւ, «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, հիմնուելով գաղտնի փաստաթուղթերու վրայ՝ հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատարները առաւել քան մէկ տարի առաջ ստացած էին «Համաս»ի մէկ ծրագիրը, որուն նպատակը Իսրայէլի դէմ աննախադէպ յարձակում մը գործելն էր, սակայն այդ բեմագրութիւնը լուրջի չէին առած եւ ոչ-իրատեսական նկատած էին:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը նշեց, որ իսրայէլեան բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձեռք ձգած էր «Համաս»ի՝ շուրջ 40 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթը, որ կէտ առ կէտ կը խօսէր 7 Հոկտեմբերին շղթայազերծուած յարձակումին նման լայնածաւալ յարձակումի մը մասին:
Գաղտնի սպասարկութիւններուն մօտ շրջանառուած եւ «Երիքովի պատ» անունով կոչուած այդ փաստաթուղթին մէջ, յարձակումի թուական չէ ճշդուած, սակայն քաղաքներու եւ ռազմակայաններու վրայ յարձակում գործելու մանրամասն կէտեր կը բովանդակէ:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ եւս ամբողջ շաբաթավերջին թէժ մարտեր ընթացան «Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլի միջեւ՝ երկու կողմերուն պատճառելով հսկայական վնասներ եւ տիրող կացութեան տալով աւելի սպառնալից բնոյթ: