
ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ամերիկեան «Բաց ԱԲ » (անգլերէն` Open AI) (1) ընկերութիւնը 6 Նոյեմբեր 2023ին յայտարարեց, թէ պիտի թողարկէ «Չաթ Ճի.Փի.Թի.»-ի (Chat GPT) կարգաւորելի տարբերակը: Այս լուրը մեզմէ եւ մեր այսօրուան իրականութենէն որքան ալ հեռու թուի ըլլալ, սակայն ես, մեզ, մանաւանդ մեր լեզուն` հայերէնը, այս լուրին (իր ծանուցած արհեստագիտութեան հետ միասին) խորքին մէջ կը տեսնեմ:
Հայերէնին վտանգուած ըլլալուն կրկներգը չեմ ուզեր երգել, գաղտնիք չէ, որ մեր մայրենին` իր բոլոր դրսեւորումներով, վտանգուած է: Ըլլայ գրաբարը կամ աշխարհաբարը` մէկ կողմէ օրինաչափ կարգուած գրական արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը, միւս կողմէ` մնացած տարբեր բարբառները, ամէն մէկը տարբեր եղանակներով ու մակարդակով: Գեղանի գրաբարը, որմէ հրաժարեցանք նախորդ երկու դարերուն, հետզհետէ «կ՛ալեւորի», արեւելահայերէնը կը կքի օտարածին բառերու ծանր բեռին տակ, արեւմտահայերէնը Սփիւռքի ձուլարաններուն մէջ իր դիրքերը կը զիջի օտար լեզուներուն, իսկ գաւառաբարբառները, որոնք մեծ մասամբ արմատախիլ եղան իրենց բնօրրաններէն (վերջինը` Արցախ աշխարհի բարբառներու ընտանիքը) կանգնած են գօսացումի վտանգին դէմ յանդիման: Հայերէնը օրէ օր կը նահանջէ եւ կ՛աղօտանայ:
Այս նոր գիւտը ոսկեայ առիթ մըն է մեզի` մեր լեզուն փրկելու համար: Մինչեւ ստորեւ յստակեցնեմ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այս մէկը իրականացնել, պահ մը լուսաբանենք այս յայտնագործութեան եւ իրեն հետ կապ ունեցող քանի մը այլ գիւտեր:
1- Ի՞նչ է արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ):
2- Ի՞նչ է «Չաթ Ճի.Փի.Թի.»ն:
2.1- Ի՞նչ կը նշանակէ ճենըրէյթիւ (Generative):
2.2- Ի՞նչ կը նշանակէ նախապէս մարզուած (Pre-trained):
2.3- Ի՞նչ կը նշանակէ փոխակերպիչ:
3- Ի՞նչ կը նշանակէ կարգաւորելի (Customizable):
4- Այս մէկը ինչո՞ւ պէտք է մեր ուշադրութեան արժանանայ:


1.- Արհեստական Բանականութիւն
Իր ամէնէն պարզ սահմանումով, այն գիտութիւնն է, որ համակարգիչներուն հնարաւորութիւն կու տայ մտածելու ու սորվիլու մարդոց պէս, որպէսզի կարենան` հասկնալ խնդիրները ու լուծել զանոնք, որոշումներ տալու, մարդկային խօսքերը ըմբռնելու եւ այլն…
Այսինքն, բնական եւ մարդկային խելքին փոխարէն, այստեղ կը գործէ արհեստական (ոչ-բնական եւ ոչ-մարդկային) խելքը` բանականութիւնը:
2.- «Չաթ Ճի.Փի.Թի.»
Չաթ անգլերէնով կը նշանակէ զրոյց, իսկ «Ճի.Փի.Թի.»ն յապաւում մըն է Generative Pre-trained Transformer-ին:
2:1.- Generative` կը նշանակէ ծնող, ծնիչ կամ յառաջացնող: Այսինքն այս գործիքը (որ ընկերութիւններու ծիրէն դուրս, ընդհանուր առմամբ կը կոչուի լեզուի կաղապար Language Model) կրնայ ինքնիրեն նոր նիւթեր (գլխաւորապէս գրաւոր) ստեղծել: Կարծես` կը զրուցես խելացի էակի մը հետ, որ ի զօրու է գրել պատմութիւններ, պատասխանել հարցումներու, կազմել նոր նախադասութիւններ` հիմնուելով այն տեղեկութիւններու վրայ, զորս սորված էր տուեալներու հսկայական քանակէն, որ իրեն նախապէս փոխանցուած կ՛ըլլայ:
Առ այդ, Generative` կը նշանակէ, որ «Չաթ Ճի.Փի.Թի.»ն կրնայ ստեղծել եւ շարադրել նոր գրութիւններ, եւ ոչ միայն հասկնալ ու վերարտաբերել:
2:2.- Pre-trained կամ նախապէս մարզուած` կը նշանակէ, որ «Բաց ԱԲ» կազմակերպութիւնը նախապէս մարզած է զայն` հսկայական քանակի գրութիւններու տուեալներուն հիման վրայ, ինչ որ թոյլ կու տայ ստեղծել մարդուն գրածին նման, գրութիւններ շարադրել, հասկնալ ու պատասխանել մեր հարցումներուն:
2:3. Ա– Փոխակերպիչ. նախքան այս բառը լուսաբանելը` պահ մը խօսինք լեզուի կաղապար եզրոյթին մասին:
2:3.- Բ.- Լեզուի կաղապար
Լեզուի կաղապարը արհեստական բանականութեան տիպերէն (կերպարանքներէն) մին է, որ նախապէս մարզուած կ՛ըլլայ գրաւոր տուեալներու ընդարձակ քանակութեամբ մը: Լեզուի կաղապարի գործառոյթը մարդկային լեզուն հասկնալը, նոյնատեսակ լեզու ստեղծելը եւ յառաջացնելն է: Անիկա կը սորվի լեզուի մը կառուցուածքը, կերտուածքը եւ երփնազանութիւնը զանազան աղբիւրներէ` գիրքեր, յօդուածներ, կայքեր եւ այլն…
Մարզուելէ ետք, անիկա կրնայ մշակել եւ շարադրել պատշաճ գրութիւններ, այսպիսով կարելի է զայն գործածել հարցումներու պատասխանելու, նախադասութիւններ ամբողջացնելու եւ բնական լեզուներով զրուցելու ու հաղորդակցելու:
Փոխակերպիչը լեզուի կաղապարի ետին կանգնած շարժակն է (ֆր.` moteur, անգլ.` engine):

3.- Customizable (Կարգաւորելի)
Սոյն յօդուածին ամբողջ խորհուրդը այստեղ է: Մինչեւ 6 Նոյեմբեր 2023 օգտագործելի «Չաթ Ճի.Փի.Թի.»ն մարզուած էր «Բաց ԱԲ» կազմակերպութեան կողմէ, իսկ այս նոր թողարկուած տարբերակը կրնանք մե՛նք մարզել` առանց ծրագրաւորումի ձիրքերուն տիրապետելու (առանց համակարգիչներու լեզուն խօսելու), ինչպէս յայտարարեց «Բաց ԱԲ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն (արդէն նախկին) Սեմ Ալթմըն` 6 Նոյեմբեր 2023ին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին այս նիւթին մասին խօսելով: Սոսկ բնական եւ մարդկային լեզուով կարելի է զրուցել «Չաթ Ճի.Փի.Թի.»ի նոր տարբերակին հետ, սորվեցնել անոր եւ զայն մարզել մեր ուզած բանով:
Այսինքն ամէն մարդ կրնայ «Չաթ Ճի.Փի.Թի.»ի իր տարբերակը ստեղծել (լաւ կ՛ըլլար, որ կարենայինք հիմնովին մեր տարբերակը ստեղծել)` ընդամէնը պարզ անգլերէնով «Ճի.Փի.Թի. շինող»ին մեր հրահանգները տալով, եւ վերջինս կը կատարէ մնացածը:
Ինչե՜ր կարելի է իրականացնել այս գիւտով (կամ այս` «Չաթ Ճի.Փի.Թի.» կոչուած գիւտին՝ մեզի մատչելի դարձած այս տարբերակով):
Կարգաւորելի անձնական ` «Ճի.Փի.Թի.» միայն գիւտ մըն է ԱԲի տարածուն ոլորտին մէջ, արհեստական բանականութիւնը մեր տրամադրութեան տակ կը դնէ զանազան գործիքներ` տարբեր բաներ իրականացնելու համար:
Անկէ կրնանք օգտուիլ լեզուն վաւերագրելու (փաստագրելու), ուսուցման գործիքներ շինելու համար: Ինծի համար այս պահուս ամէնէն կարեւորը ստեղծումն է ինքնագործ թարգմանութիւն ընող գործիքի մը (ոչ միայն առցանց բառարան մը, այլ` «Կուկըլ Թրենսլէյթ»ին պէս գործիք մը), որ կրնայ նախադասութիւններ եւ ծաւալուն գրութիւններ թարգմանել, գոնէ ազատինք ներկայիս «Կուկըլ Թրանսլէյթ»ի ըրած անյաջող թարգմանութենէն` հայերէնի պիտակին տակ մեսրոպեան այբուբենով գրուած օտարածին բառերէն, եւ ազատինք աբեղեանական ուղղագրութենէն, կամ նուազագոյնը` անոր կից կարենանք ստանալ աւանդական ուղղագրութեամբ գրուած ճիշդ թարգմանութիւններ:
Օրինակի համար, կարելի է մեռած դասուող եւ վտանգուած բարբառները փրկել, ոչ միայն թուղթի վրայ (բառապաշար, քերականութիւն, նախադասութիւններու կազմուածք եւ այլն…), այլ կարելի է զանոնք կենդանացնել կամ կենդանի պահել իրենց իւրայատուկ հնչիւններով, ոճերով եւ բնայատկութիւններով: Արհեստական բանականութեան կրնանք սորվեցնել որեւէ լեզու մը կամ լեզուի մը բարբառը, եւ անիկա այդ լեզուին ամբողջականապէս տիրապետելէ ետք կրնայ շարադրել տրամաբանական նախադասութիւններ, հարցումներու պատասխանել, ստեղծագործել բանաստեղծութիւններ եւ այլն ինչպէս հիմա, անգլերէնով ու այլ լեզուներով կ՛ընէ `«Ճի.Փի.Թի.»ին գլխաւոր տարբերակը, կամ զրոյցներ կարելի է ունենալ անոր հետ: Այսպիսով, քանի մը սերունդ յետք, այլեւս բողոքելու կարիք չենք ունենար` ըսելով, որ այս բարբառը խօսող չմնաց, որովհետեւ կ՛ունենանք գործիք մը, որուն հետ կարելի է գրաւոր եւ բանաւոր զրոյցներ վարել: Այսպիսով, լեզուի մը փաստագրումին եւ վերակենդանացման մէջ մեծ քայլեր առած կ՛ըլլանք:
Այստեղ ցանկը կ՛երկարի, բազմաթիւ են արհեստական բանականութեան ապահոված միջոցները, զորս կրնանք գործածել հայերէնը ուսումնասիրելու, սորվելու, սորվեցնելու, գրականութիւն ստեղծելու, պահպանելու եւ ծաղկեցնելու համար. կը մնայ մեր ձեռքերը սոթտենք ու գործի անցնինք:
ԱԲն ունի նաեւ իր բացասական կողմերը. բազմաթիւ են անոնք, բայց անոնց դիմաց կը մնայ, որ մենք օգտուինք անոր դրական կողմերէն:
***
Յօդուածս կ՛ուզեմ աւարտել` ըսելով, որ լեզուն բնական էութիւն մըն է (ոչ-արհեստական), կենդանի արարած մըն է, որ կ՛ապրի մեզմով: Ծնունդ առած է բնականօրէն, երբ մարդ արարածը առաջին անգամ իր միտքերը արտայայտեց ձայներ արձակելով: Արհեստական գործիքները կրնան նպաստել մեր լեզուն փրկելու եւ ծաղկեցնելու, սակայն առանց մեր` պարզ մարդոց ու լեզուաբաններուն, անիկա, վերջապէս, թանգարանէ մը աւելի ոչ մէկ բան կրնայ ընել:
Մեր լեզուին նկատմամբ ունեցած մեր մեծ սէրը եւ կապուածութիւնը, անոր կորուստին պատճառով մեր ապրած մտահոգութիւնը, անոր նկատմամբ տածած մեր գուրգուրանքը գործի վերածենք արդիական նորութիւններուն տուած լայն կարելիութիւններով, որոնց ճիշդ եւ լաւագոյն ձեւով օգտագործումով մենք ոչ միայն կրնանք պահպանել եւ փրկել մեր մայրերնին, այլ՝ ատակ եւ կարող կ՛ըլլանք ծաղկեցնելու զայն:
(1).- «Բաց ԱԲ » (անգլերէն` Open AI)` Արհեստական Բանականաութիւն