Յորդանանի մէջ, 12րդ դարու սկիզբը խաչակիրներու հիմնած ամրոցի մը պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուեցան հայերէն արձանագրութիւններ եւ զանոնք հետազօտելու համար հրաւիրուած են հայ մասնագէտներ։
Լուրը կը հաղորդէ պատմաբան, հնագէտ Համլետ Պետրոսեան՝ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կատարած գրառումին մէջ։ Ան կը նշէ, թէ իր խումբը արդէն կը գտնուի հայերէն արձանագրութիւններուն գտնուած վայրը՝ հետազօտութիւններու համար։