ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց որոշում մը, որ Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղէ` հեռանալու 1967ին իր գրաւած Սուրիոյ Կոլանի շրջանէն:
Որոշումը որդեգրուեցաւ 91 թեր, 8 դէմ եւ 62 ձեռնպահ քուէներով:
Որոշումը կը նշէ, թէ ՄԱԿի անդամները «մեծապէս մտահոգ են, որ Իսրայէլ չի հեռանար 1967էն ի վեր իր գրաւած Կոլանէն` հակասելով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի եւ Ընդհանուր ժողովի առնչակից որոշումներուն»: