Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը, թէ Ֆրանսա Հարաւային Կովկասի մէջ պատերազմի մը հող կը նախապատրաստէ՝ ըսաւ. «Կը կարծեմ, թէ Պաքուի մէջ, թէ շարք մը այլ վայրերու մէջ անոնք բաւական յոգնած են ներխուժումէն Փարիզի, որ անյաջող կերպով կը փորձէ վերականգնել իր աշխարհաքաղաքական հեղինակութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, այն, ինչը կորսնցուցած է աշխարհի այլ մասերու եւ այլ մայրցամաքներու մէջ»։ Զախարովա յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կրկնուող վտանգները կը պահպանուին՝ շեշտելով, որ այս առումով Ռուսիա հետեւողականօրէն կ՛աշխատի տարածաշրջանը վերածելու կայունութեան եւ բարգաւաճման գօտիի` բոլոր տարածաշրջաններուն եւ անոնց դրացիներու շահերու հաւասարակշռութեան վրայ հիմնուած:
«Արեւմտեան միջնորդները, որոնց կարգին Ֆրանսա, բոլորովին այլ նպատակներ ունին. անոնք կը ձգտին Հարաւային Կովկասը վերածել աշխարհաքաղաքական առճակատման այլ ասպարէզի, կ՛անտեսեն տարածաշրջանի երկիրներու հիմնարար շահերը եւ ոչինչ կ՛ընեն այս տարածաշրջանի ապահովութիւնը, կայունութիւնը եւ բարգաւաճում երաշխաւորելու համար», ըսաւ Զախարովա:
Մեկնաբանելով Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի` վերջերս տուած հարցազրոյցը՝ Զախարովա յայտնեց, որ պարզ է, թէ խօսքը արտաքին յարաբերութիւններու մէջ Հայաստանի կողմնորոշման արմատական փոփոխութեան մասին է, որ կը կատարուի յստակօրէն Արեւմուտքի առաջարկով կամ յուշումով:
«Անոնք ամէն ձեւով կը փորձեն քօղարկել այս մէկը` հաւատալով, որ այդպիսով կրնան պահպանել նոյն մակարդակի օգնութիւնը եւ ինչ-որ յատուկ յարաբերութիւններ: Այս բոլորը այնքան տեսանելի ու պարզ են, որ անկարելի է պահուըտիլ խօսքերու ու ձեւակերպումներու ետին։ Իսկ խօսակցութիւնը, թէ իբր թէ Հայաստանին ստիպած են այլընտրանք փնտռել` չստանալով իր խնդրանքներու պատասխանը Ռուսիայէն, եւ որ ոչ թէ Հայաստան դուրս կու գայ ՀԱՊԿէն, այլ հակառակը… Ինծի կը թուի, որ ասիկա պարզապէս պատասխանատուութիւնը տեղափոխելու, սեփական սխալ հաշիւներու համար պատասխանատուներ գտնելու փորձ է: Խորհրդակցութիւններ եղած են թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով, թէ՛ ՀԱՊԿի միջոցով, բայց Երեւանի մէջ որոշում տուին, եւ կարծես թէ արդարացուցին Այդ մէկը՝ յօգուտ հանրապետութեան տարածքին մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւն տեղակայելու», ըսաւ Զախարովա։
Ան ափսոսալի նկատեց Հայաստանի ղեկավարութեան որոշումը՝ ՀԱՊԿի նախաձեռնութիւններուն չմասնակցելու։ «Մենք չենք կարծեր, թէ այդ որոշումը կը համապատասխանէ հայ ժողովուրդի շահերուն եւ պիտի նպաստէ մեր բարեկամական երկրի ապահովութեան եւ կայունութեան: Հայ գործընկերները մտադիր չեն արգելակել աշխատանքները կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններուն մէջ, խանգարել արդէն համաձայնեցուած փաստաթուղթերու իրականացումը: Ըստ էութեան՝ այդ մէկը Երեւանի համար բաց դռներ կը ձգէ եւ անոր առիթ կու տայ հետագային միանալու աշխատանքին: Մենք յոյս ունինք, որ հայ դաշնակիցները ոչ-հեռու ապագային կ՛օգտուին այդ կարելիութենէն», ըսաւ Զախարովա։
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Ռուսիա համոզուած է, որ ՀԱՊԿը կարեւոր դեր պիտի խաղայ ներկայ պայմաններուն մէջ տարածաշրջանային կայունութեան գծով: ՀԱՊԿի դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին, որուն մասին որոշումը առաջուան պէս «սեղանին է», բաւական ծանրակշիռ գործօն պիտի ըլլար Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորման համար, ի տարբերութիւն Եւրոպական Միութեան առաքելութեան, որ կը շարունակէ ցուցադրել իր անարդիւնաւէտութիւնը», ըսաւ ան։
Լուսարձակի տակ առնելով այն, որ ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի վեհաժողովին Հայաստան խնդրեց վերցնել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն աջակցող արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութեան նախագիծը՝ այդ եւս շատ խօսուն նկատեց Հայաստանի կեցուածքին: Զախարովա շեշտեց, որ Ռուսիա եւ ՀԱՊԿի դաշնակիցները տակաւին բաց են երկխօսութեան համար եւ պատրաստ են օգնելու, սակայն Երեւանի փափաքը անհրաժեշտ է:
Խօսելով այն մասին, որ Սեպտեմբերին, Հոկտեմբերին եւ Նոյեմբերին հայկական կողմին առաջարկներ ներկայացուած են բանակցութիւններ վարելու թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ բազմակողմ նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ՝ Զախարովա դիտել տուաւ, որ անոնց յստակ պատասխաններ չեն տրուած տակաւին։ Ան այս հարցին անդրադարձաւ՝ մեկնաբանելով Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւնը, թէ ինք տեղեակ չէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման Մոսկուայի առաջարկներուն:
«Նոյն ժամանակ Երեւան կը փափաքի բանակցիլ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի մէջ, թէեւ ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ Եւրոպական Միութիւնը բարեխիղճ միջնորդներ կը նկատուին՝ կարգ մը պատճառներով: Անոնց գործողութիւնները կը ծառայեն Ռուսիոյ՝ Հարաւային Կովկասէն հեռացնելու նպատակին. անոնք կը փափաքին ոչնչացնել տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող ապահովական գործիքակազմերը եւ նոյն ժամանակ անամօթաբար գողնալ եւ փոխել Մոսկուայի մասնակցութեամբ ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները` պատեհապաշտ նկատառումներու համապատասխան: Առ այդ, անոնց միջնորդութենէն իրական օգուտ չկայ, չի՛ կրնար ըլլալ, որովհետեւ լիցքը այլ է, նպատակը` այլ… Երեւանի անխոհեմ խաղադրոյքը, որ Արեւմուտքը պիտի օգնէ իրենց, ձախողութիւն է: Ասիկա նոյնպէս ակնյայտ է: Ասիկա չտեսնելը անկարելի է: Հակառակ եղած առաջարկներուն եւ հրաւէրներուն, խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւնները տակաւին սառեցուած են», նշեց Զախարովա։
Ան նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Ռուսիա կը շարունակէ քայլերու ձեռնարկել՝ Հայաստանին եւ Արցախի հայերուն աջակցելու համար՝ տեղեկացնելով, որ հայկական կողմի կարիքներուն հիման վրայ պատրաստուած եւ Հայաստան ուղարկուած է 40 թոն բեռ, որ կը ներառէ ուտելիք եւ տաք հագուստ: