ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Արժէ՛ միասնաբար վերատեսութեան ենթարկենք աւանդական Սփիւռքը եւ սերտենք ու ծրագրենք՝ ժամանակակիցը:
Հայ մարդուն համար, հայ նոր աշխարհի մը վերածնունդը թռիչք առաւ` ՍՓԻՒՌՔ անուանումով, այսինքն արեւմտահայաստանի սահմանէն դուրս, հրաշքով վերապրող ու վերարտադրող եւ նորանոր «հրաշք»ներ գործող ու տարածող՝ հայրենակիցներու մեծ փաղանգ մը:
Այդ օրերուն, որբեւայրի հայ մայրեր փորձեցին նոր կեանք կերտել ու արարել, Սփիւռքի անծանօթ անսահմանութեան մէջ:
Իսկ, երբ ճակատագրի «մեծ բախտ»ով, նոր կեանքի կոչուած մեր այրերը, ի մի գալով, փորձեցին ստեղծել եւ կազմել զանազան միութիւններ՝ եկեղեցական, մարզական, կրթական եւ մարդասիրական, քայլ առ քայլ գաղութներ կազմուեցան եւ գոյատեւեցին:
Աւելի՛ն, աւանդական ու նուիրական քաղաքական մեր կուսակցութիւնները թեւ ու թիկունք դարձան եւ կենսական եւ ամենայն տիրութիւն ըրին կազմակերպուած հայ ժողովուրդի «նոր աշխարհ»ին:
Հետեւաբար, առաջին հերթին շեշտեցին ու տարածեցին՝ «թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ» հաւատամքի լոզունգը, որպէս ազգային մեծ ուխտը:
Հետզհետէ, ուսումնակրթական բարդ ու դժուարին պայմաններով, յառաջացան եւ յառաջդիմեցին աշակերտներու փոքր քանակով, իսկ մեծ մասամբ տղայոց խումբը ուղղեցին եւ առաջնորդեցին զանազան արհեստներու ձեռք բերման՝ տուեալ օրերու ընտանիքի ստուար անդամներու պահպանման եւ գալիք անորոշ ապագայի ծանրակշիռ պարտաւորութեանց լուծման համար եւ այս ամէնը՝ համեստ գիտութեամբ, բայց եւ բարի ու նուիրուած սրտով ու հոգիով, որով մարմնաւորեցին հետագայի՝ բարի ու աշխատասէր, նուիրուած հայ ամուսինն ու ընտանիքի տէր՝ հայրը:
Ի դէպ, հետզհետէ կազմուած փոքր գաղութները դարձան համայնք, դարձան տէրն ու տիրականը իրենց վստահուած «փոքրաքանակ» ժողովուրդին:
Հաւաքներ կազմակերպեցին եկեղեցիներով եւ բարեսիրական միութիւններով, ներգրաւեցին նորելուկ պատանիները միութենական աշխատանքներու շրջանակին մէջ ներարկելով անոնց մէջ ազգային ինքնութիւն եւ յանձնառու ոգի՝ պայքարելու եւ գոյատեւելու կենսական բոլոր մակարդակներու վրայ:
Փիւնիկի նման, մոխիրներէն յառնած ու քայքայուած մեր ժողովուրդը, անհամար հրաշքներ գործելու եւ զանոնք մշակելու ներքին մղում եւ անհատնում կարողութիւն ցուցաբերեց եւ փոխանցեց զայն յաջորդաբար՝ անհամար սերունդներու: Գաղութները աճեցան, զարգացան եւ յառաջացան տարածուելով ժողովուրդի զանազան խաւերով եւ հզօրանալով փաստեցին իրենց գոյութիւնը, մինչեւ իսկ, տեղական ժողովուրդի համայնքային, թէ պետական մակարդակներով:
Հետզհետէ, եզակի յարգանք ու պատիւ վայելեցին՝ կրթական, մարզական, մշակութային եւ համամարդկային արժէքներով՝ ամենուրէք:
Արդ, այսօր, վերոնշեալ անցեալի փառքն ու պատիւը սո՛սկ յիշելն ու հպարտանալը՝ բաւարար չեն Սփիւռքը պահպանելու, ի դէմս համաշխարհայնացման ու խճճուած ներկայ խաժամուժին մէջ:
Այսօ՛ր, հա՛րկ է, պետական եւ ազգային մակարդակներով, վերատեսութեան ենթարկել համասփիւռքեան, գաղութային եւ համայնքային մեր բոլոր կառոյցներն ու ծրագիրները:
Խորապէս սերտել եւ քաջաբար նոր ծրագիրներ ձեռնարկել եւ յառաջանալ, սկսելով նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան չափանիշներով: Պէ՛տք է վերատեսութեան ենթարկել փոխանցուածը, սակայն պահպանելով ազգային անզիջելի եւ անսակարկելի մեր արժէքներն ու արժանիքները: Միութենական եւ կազմակերպչական ժամանակակից առաւել նպաստաւոր ծրագիրներ մշակել եւ ուղղորդել երիտասարդութիւնը բազմապատկուած շարքերով, որպէսզի պատմական մեր ջահը վառ պահելով փոխանցենք զայն՝ նոր ու ժամանակակից երիտասարդ, կայտառ եւ առողջ հայ փաղանգին:
Տասնամեակներով հաւատացած եւ փոխանցած էինք տուեալ միտքը, թէ երբ ունինք կայուն հայրենիք, կ՛ունենանք նաեւ կայուն Սփիւռք:
Այսօ՛ր, պահն է բարեփոխուած մտածել եւ գործել այն համոզումով, թէ երբ ունինք կայո՛ւն Սփիւռք, ապա կ՛ունենանք արմատացած կայո՛ւն հայրենիք, որպէսզի նաեւ համատարած մեր ազգը մնայ կայուն առյաւէտ:
Այսպէս, քաղաքական միտքով, սակայն եւ ազգային անխախտ հիմքերով, պէտք է յառաջանալ նորանոր մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Փաստուած է, որ ժողովրդական խօսքերը իմաստութեան ակունքներէ ծնած ու հասած են մեզի. այսպէս՝ «Մատի ետեւ պէտք չէ պահուըտիլ» կ՛ըսեն, երբ այսօր մեր դէմ ծառացած ազգային եւ հայրենական բարդութիւններն ու նահանջները եւ յատկապէս քաղաքական անհասկնալի վերիվայրումները (խաղերը) պետական եւ կուսակցական զանազան հարթակներով… Պէտք է իրապաշտօրէն ճանչնալ, հասկնալ եւ ընդունիլ, որպէսզի ըստ հարկին եւ ըստ պատշաճի, շրջանցենք ձախողութիւններն ու մեր բացթողումները եւ հայ ժողովուրդին յարիր համազգային արժանապատուութեամբ եւ քաղաքական «մաքուր» հարթակով կանգնինք ամուր եւ հպարտ մեր «լոյս» լերան նման:
Վերահաստատուած եւ նորոգ Հայ Սփիւռքը այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, նոր արժեհամակարգի կարգաւորման եւ գործադրման կը կարօտի: Փաստ է, որ ազգերու պատմութեան մէջ «սփիւռք»ներ եղած են, որոնք յառաջացած եւ հզօրացած են «հայրենիք»ի մակարդակով, եւ տիրացած իրենց ազգային ինքնութեան հաստատման եւ հպարտութեան, ապա զարգանալով, ըստ հարկին, նպաստած են տուեալ հայրենիքի հզօրացման եւ անխախտ պահպանման, ինչպէս նաեւ վայելած այլ ազգերու եւ երկիր իշխանութիւններու արդար զօրակցութեանց (վառ օրինակը ծանօթ է), սակայն այս բոլորը իրականացուցած են՝ համազգային առողջ օրակարգով եւ միասնական ջանքերով:
Այսօ՛ր, մենք գիտակցաբար, պէ՛տք է ընդունինք, որ հայկական աւանդական Սփիւռքի պատմական ծնունդն ու պահպանումը, ինչպէ՞ս կարելի է յարմարեցնել՝ առանց «հոգելլկող զիջում»ներու, ներկայ ընկերաքաղաքական պայմաններուն հետ, երբ ազգային եւ քաղաքական չափանիշներն ու արժէքները մեծ փոփոխութիւն կրած ըլլալով, արդէն իսկ չեն բաւարարեր մեր աւանդական Սփիւռքի կազմած տեսլականներուն, զանազան բնագաւառներով՝ ազգային, մշակութային թէ ընկերային:
Առ այդ, հետեւողական լուրջ ծրագրաւորման կարիքը կայ, սկսած մեր ազգային, կրթական, կրօնական եւ միութենական համակարգերէն: Թէեւ, ականատես ենք, թէ ինչպիսի մեծ աշխատանք կը տարուի հայեցի դաստիարակութեան եւ հայկական «հրաշք» ոգիի փոխանցման դժուարին ճամբուն վրայ ներկայ «գիշատիչ» ընկերութեան մէջ, արժէ տեսնել, թէ հայերէնաւանդին «թելը» հետզհետէ Սփիւռքի տարածքին, կարճ է, կա՜րճ… Առաջին սերունդը՝ ոչ եւս է, միջին սերունդը ի դէպ՝ այդ ուղիին վրայ է արդէն. ուրեմն, մտածենք, թէ ովքե՞ր պիտի դառնան «նոր»երը եւ ստանձնեն այս դերը եւ շարունակեն նուիրական այս «Սուրբ» աշխատանքը: Քաջ գիտենք, թէ նորօրեայ մեր երիտասարդ սերունդին համար գրաւիչ, բաւարարող ու գոհացնող «ասպարէզ» մը չէ եղած երբե՛ք «հայոց լեզուի դասատու» մը դառնալու կոչումը եւ կամ «ֆետայանալ»ը:
Պատկերը առաւել եւս յստակ է համայն Սփիւռքի տարածքին, իսկ այս ուղղութեամբ, ի՞նչ մտածած եւ կամ ծրագրաւորման ի՞նչ քայլեր առած են մեր «մեծեր»ը, պատասխանատու ներկայացուցիչները՝ հոգեւոր, ազգային թէ քաղաքական ներկայացուցիչ՝ «հռչակուած»ները:
Արդ, բաւարար է որքա՜ն խօսեցա՛նք, մտածեցի՛նք եւ ծրագրեցի՛նք…:
Գո՛րծն է փաստը: Արդար ու արժանավայել գործն է իրական փայլքը:
Վերջապէս, գործն է կեանքի աւիշը կերտողը:
Պէտք է ունենանք՝ գործօ՛ն, առողջ ու կայո՛ւն Սփիւռք, գործօ՛ն առողջ եւ կայո՛ւն Հայրենիք:
Որոշումը մե՛րն է՝ ազգովին: