Պաքուի ռազմական դատարանը 7 Նոյեմբերին, 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտեց Հակարիի կամուրջէն նախորդ ամառ առեւանգուած Վագիֆ Խաչատեանը: Դատավճիռը հրապարակեց նախագահող դատաւոր Զէյնալ Աղաեւ:
«Ես անմեղ մարդ եմ, ես էնտեղ չեմ մասնակցել, ես չեմ եղել էնտեղ: Ինձ ձերբակալեցին, ոչ թէ ես ահաբեկիչ, ես Բադարայ գիւղացի էի, ինձ բռնեցին որպէս բադարեցի, Բադարայի բնակիչ», ըսաւ Վագիֆ Խաչատեան իր վերջին խօսքին մէջ՝ փորձելով վերջին անգամ ըլլալով դատարանը համոզել, որ կապ չունի իրեն ուղղուած մեղադրանքին հետ։
Տարեց արցախցին նոյնիսկ խնդրեց յատուկ սարքերով ստուգել, որ ինք չի ստեր, Մեշալիի մէջ չէ գտնուած, ոչ ոք սպաննած է։
Նախքան Վագիֆ Խաչատրեանի ելոյթը, դատախազ Մուհատաս Սուլթանով պահանջեց 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտել զայն: Ան իր խօսքին մէջ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ աւելի խիստ պատժամիջոց` ցմահ բանտարկութիւն չի պահանջեր: Ըստ Սուլթանովի` Ատրպէյճանի օրէնսդրութիւնը կ՛արգիլէ ցմահ բանտարկել 65 տարեկանէն վեր անձերը, իսկ Խաչատրեան 68 տարեկան է: Ցմահ բանտարկութեան նախորդող բարձրագոյն պատիժը 20 տարի է, բայց այս պարագային, ըստ դատախազին, որովհետեւ Խաչատրեան յանցագործութիւնը կատարած է 1991ին, իսկ մինչեւ 2014ի օրէնսդրութեան համաձայն` Խաչատրեանի կատարած յանցագործութեան համար առաւելագոյն պատիժը 10-15 տարուան բանտարկութիւնն է, հետեւաբար` անոր համար պահանջած է ըստ օրէնսդրութեան խստագոյն պատիժը` 15 տարի:
Պաքու արցախցի տարեցը կը մեղադրէ «Ցեղասպանութեան» յօդուածով, մասնաւորաբար` «1991ին Մեշալի գիւղին վրայ զինուած յարձակման համար, որուն պատճառով 25 ատրպէյճանցիներ մահացան»:
Փաստօրէն իր շահերը առանձինն պաշտպանող Վագիֆ Խաչատրեան դատարանին մէջ բազմաթիւ անգամներ հերքեց իր մասնակցութիւնը Մեշալիի դէպքերուն՝ պնդելով, որ ինք այդ օրերուն կը գտնուէր Շուշիի բանտը:
Ատրպէյճանցիները Խաչատրեանը առեւանգեցին Հակարիի կամուրջէն, երբ ան ամրան Արցախէն Հայաստան կը մեկնէր՝ սիրտի բաց վիրահատութեան համար: