

ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ հայկական մանրանկարչութեան նախնական շրջանի աւանդութիւններուն նուիրուած ներկայացում մը։
Բանախօսն է՝ Հայագիտական ծրագիրը համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան։
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» կեդրոնի սրահին մէջ (5245 N. Backer St.)։ Մուտքը ազատ է։ Անոր կարելի է հետեւիլ նաեւ https://bit.ly/armenianstudiesyoutube կայքէջին վրայ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: