Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ընդլայնումը եւ յանձնառառութեան ուժեղացումը Հայաստանի օրակարգին վրայ են. այս առումով դրական արձագանգներ կան նաեւ Եւրոպական Միութենէն: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան՝ Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու միացեալ նիստին, 2024ի պետական պիւտճէի նախագիծի նախնական քննարկումներուն ընթացքին։
«Քաղաքական առումով համագործակցութիւնը խորացուել է: Աւելին` այս տարի առաջին անգամ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրամիութիւն քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերով երկխօսութեան մեկնարկ: Յաջորդ փուլը պէտք է տեղի ունենայ Նոյեմբերին Բրիւսէլում, առաջինը Երեւանում Յունուար ամսին էր: Ի հարկէ, դիտորդների առաքելութեան ընդլայնումն ու մանդատի (յանձնարարութեան) ուժեղացումը նոյնպէս մեր օրակարգում է, եւ կան դրական արձագանքներ ԵՄի եւ անդամ երկրների կողմից», ըսաւ Յովհաննիսեան:
Ան աննախընթաց նկատեց նաեւ քաղաքական այցելութիւններու մակարդակը: