Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան մասին ամէնօրեայ տեղեկագիրին մէջ, 25 Հոկտեմբերին, Արցախը ներկայացուց իբրեւ «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Ղարաբաղի տնտեսական շրջան»:
Ինչպէս միշտ՝ տեղեկագիրին մէջ անդրադարձ կը հարցուի, որ զինադադարի խախտումներ եղա՞ծ են, թէ՝ ոչ. պատասխանը՝ չեն արձանագրուած: Տեղեկագիրին մէջ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը կը նշուի իբրեւ Խանքենդի, Մարտունին` Խոջաւենդ, Շուշին` Շուշա եւ այլն:
Խաղաղապահ առաքելութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ ճամբաներու երկայնքով երթեւեկութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով տեղադրուած են վեց յենակէտեր, որոնցմէ երկուքը` ատրպէյճանական կողմին հետ համատեղ: