Պոլսոյ մէջ աշխատանքներ սկսած են «Քամփ Արմէն»ի մէջ, ուր հասակ նետած է նաեւ 2007ին ազգայնամոլ թուրքի մը անարգ գնդակին զոհ գացած «Ակօս»ի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինք։
Լուրը կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը։
Ըստ աղբիւրին՝ Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գրիգոր Աղապալօղլու յայտնած է, որ մանկատան սաները անհամբերութեամբ կը սպասեն «Քամփ Արմէն»ի վերանորոգման աշխատանքներու աւարտին։
Սոյն եկեղեցւոյ եւ դպրոցի հիմնարկին պատկանող այդ հողատարածքին վրայ պիտի կառուցուին նաեւ այլ շինութիւններ, մասնաւորապէս՝ շուրջ 100 պատանիներու համար նախատեսուած հանրակացարան մը, մշակութային կեդրոն մը, գրադարան մը, բազմաթիւ գործունէութիւններու ծառայող սրահներ, հանդիսասրահ մը եւ այլն։
«Քամփ Արմէն»ի մուտքին մօտ պիտի կառուցուի նաեւ Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած «Յիշողութեան կեդրոն» մը։