
Զ. Գ. Ղ.
Այս տարուան ամառնային մեծարենցեան երեկոներու վերջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Սեպտեմբերին, Այնճարի «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Անիկա նուիրուած էր Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքին հրատարակութեան 100ամեակին (28 Սեպտեմբեր 1923):
Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքը ունկնդիրներուն ներկայացուց Այնճարի բնակիչ, երկրագործութեան ճարտարագէտ Ուաժտի Պրպերի: Օրուան հանդիսավարն էր Նաթալի Քենտիրճեան:
Քենտիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Մարիա Ղարիպեաններուն, որոնք 11 տարիներէ ի վեր ամառները կը կազմակերպեն մշակութային ձեռնարկներ:
Քենտիրճեան յայտնեց, որ այսօր, բոլորիս համար ցաւ է Արցախի մէջ պատահածները: Ան ըսաւ, որ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան առաջիններէն էր, որ խօսեցաւ հալածուածներուն եւ տառապեալ ժողովուրդներուն մասին, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, եւ կարծես այսօր պատմութիւնը կը կրկնուի «Մարգարէն» գիրքին 100ամեակի օրերուն:
Քենտիրճեան նաեւ ըսաւ, որ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքը բովանդակալից է, մեր կեանքի բոլոր ելեւէջներուն հետ, անոր համար է, որ ան մինչեւ այսօր մեզի հետ է եւ կը մնայ մեզի հետ առյաւէտ:
Ապա հանդիսավարը խօսքը փոխանցեց օրուան դասախօս Ուաժտի Պրպերիին:
Պրպերի յայտնեց, որ 2023 տարին Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի երկու գիրքերուն հրատարակութեան 100ամեակն է:
Առաջին գիրքը` «Ալ Պատայի Ուաթ Թարաէֆ», տպուած է Գահիրէի մէջ, Յունիս 1923ին: Անիկա հաւաքածոյ է յօդուածներու եւ բանաստեղծութիւններու, որոնք կազմուած են գիրքին տպուած տարուան նախորդող տասը տարիներուն ընթացքին:
Երկրորդ հատորը հրատարակուած է Կիրակի, 23 Սեպտեմբեր 1923ին: «The Prօphet» «Մարգարէն» անունով, որ մեր այսօրուան օրակարգին նիւթն էր:
Պրպերի ըսաւ, որ եթէ նկատի ունենանք Ժըպրանի գրական աշխատանքները, իրենց ամբողջութեան մէջ ծառի մը կը նմանցնենք. անոր մէկ ճիւղը «Մարգարէն» է, որ աճած է շատ բարձր եւ իր շուքը կը ձգէ մնացեալ բոլոր ճիւղերուն վրայ:
«Մարգարէն» գիրքը, հակառակ անոր որ սկիզբը մեծ խանդավառութեամբ չընդունուեցաւ, բայց հետագային 112 լեզուներու թարգմանուեցաւ. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր տպաքանակը կը հասնի 10 միլիոնի, երբեմն շաբաթական սպառումը 5000 օրինակի կը հասնի:
Գիրքը նուէր կը բաժնուէր հարսանեկան եւ թաղման հաւաքոյթներու:
Պարզ ընթերցողին, դասախօսին, բանաստեղծին, փիլիսոփային եւ իմաստունին բարձի գիրքն էր:
Ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուէին «Մարգարէն» գիրքին համար: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի հայրենիքին մէջ՝ Պալամանտ համալսարանի, Պշարրէի Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի տուն-թանգարանին մէջ, նաեւ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Ի՞նչ բան Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքին մէջ զինք դարձուց միջազգային դէմք: Ժըպրան 12 տարիներ (1911-1923) ծանր աշխատանք տարած է` հաւաքելով անգնահատելի գիտելիքներ` զանազան գրողներէ, երկիրներէ, իր ծննդավայր Լիբանանէն, արաբական երկիրներէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն եւ Գերմանիայէն: Հետեւած է ժամանակակից պատմութեան ու գրականութեան:
Ժըպրանի մօտիկ ընկերուհին` Մերի Էլիզապեթ Հասքել, ամերիկացի գրականագէտը, 12 տարիներ մեծապէս օգտակար եղած է «Մարգարէն» գիրքին անգլերէնի սրբագրութիւններուն եւ գեղարուեստական զարգացման աշխատանքին մէջ:
Ժըպրան մահացաւ 10 ապրիլ 1931ին, հիւանդանոցին մէջ, Նիւ Եորք: Անոր մարմինը Լիբանան փոխադրուեցաւ նոյն տարուան 10 Օգոստոսին եւ թաղուեցաւ իր հայրենի Պշարրէ գիւղաքաղաքին մէջ:
Դասախօսը Ժըպրանի կողմէ «Մարգարէն» գիրքին մէջ գծուած 12 գունաւոր նկարները ցոյց տուաւ ներկաներուն:
«Մարգարէն» գիրքէն Վահէ Վահեանի ձեռամբ անգլերէնէ հայերէնի թարգմանութենէն հատուածներ կարդացուեցան ներկաներուն կողմէ:
Հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաժտի Պրպերիին իր հետաքրքրական եւ շինիչ դասախօսութեան համար` մաղթելով, որ յաջորդ տարին դարձեալ կը հանդիպին «Հիւղը» բնակարանին բակը: