ԲԺԻՇԿ ՍԱՀԱԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐԸ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայ Դատի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի նախկին ատենապետ, բժիշկ Սահակ Պաղտասարեանի մտորումները՝ Արցախի եւ Հայաստանի իրավիճակին մասին: Հայրենիքի համար ծայրայեղ ծանր այս ժամանակաշրջանին, իրավիճակէն միասնաբար ելքեր գտնելը շատ կարեւոր է: Այս առումով էական է եւ սպասուած Հայ Դատի երկարամեայ մարտիկ տոքթ. Պաղտասարեանի կարծիքը, որ նոյն ատեն զգօնութեան կոչ է:
Ինչո՞ւ արցախահայութիւնը առանձին մնաց վերջին յարձակումներուն ընթացքին: Կան հիմնական ուժեր, որոնք կրնային միջամտել: Մէկը Միացեալ Նահանգներն է, միւսը՝ Արեւմտեան Եւրոպայի այսպէս կոչուած ժողովրդավարական երկիրները, եւ նաեւ՝ անպայման Ռուսիան: Ամերիկայի պարագային, պէտք է ընդունենք, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ քարիւղի ընկերութիւններու ազդեցութիւնը բաւական զօրաւոր է, եւ այնքան ատեն որ Ատրպէյճանի պէս երկիր մը քարիւղ կ՛արտադրէ, նախընտրութիւնը կ՛երթայ քարիւղ արտադրողին, քան թէ այդ երկիրին կողմէ յարձակման ենթակայ երկիրին: Նաեւ Ամերիկայի քաղաքականութեան մէջ կայ այլ պարագայ մը՝ Թուրքիան, որ ՆԱԹՕի անդամ է եւ Ատլանտեան ուխտի (ՆԱԹՕ) հզօրութեան համար իր դիրքով տակաւին կարեւոր է: Եթէ անդրադառնանք, որ Թուրքիա ոչ միայն կողմնակից է, այլ՝ դաշնակից եւ յանցակից է Ատրպէյճանին, կարելի է հասկանալ, թէ ինչո՛ւ Ամերիկա այդ պատճառով նաեւ չմիջամտեց:
Գալով Արեւմտեան Եւրոպայի ժողովրդավար երկիրներուն, ընդունինք, որ քարիւղը ազդակ է, որովհետեւ եթէ նոյնիսկ քարիւղի ընկերութիւններուն ենթակայ չէ իրենց քաղաքակնութիւնը, քարիւղի կարիքն է որ զանոնք ենթակայ դարձուցած է Ատրպէյճանի դէմ որեւէ քայլ չառնելուն: Նաեւ, այս երկիրներէն շատերը ՆԱԹՕի անդամ ըլլալով՝ Թուրքիան չբարկացնելու մտավախութիւնը ունին:
Երրորդ ազդակը Ռուսիան է: Պէտք է ընդունենք, որ վերջին 400 տարիներուն ընթացքին, Ռուսիա հայութեան միայն վնաս տուած է: Այն միտքը, որ առանց Ռուսիոյ Թուրքիան մեզ կուլ կու տար, կը կարծեմ՝ քիչ մը առասպել է, որովհետեւ Ռուսիա, երբ իրեն պէտք էր Թուրքիոյ դէմ պայքարին ընթացքին, երբ իրեն պէտք չէր՝ թոյլ կու տար, որ Թուրքիա իր ուզածը ընէ: Փաստօրէն, ռուսական բանակ կար Արցախի մէջ, այն պահուն, երբ յարձակումը կատարուեցաւ: Կային ռուսական ուժեր, որոնց առաքելութիւնը Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը բաց պահելն էր, սակայն անոնք ոչինչ ըրին: Ինչո՞ւ. որովհետեւ Ռուսիա Հայաստանով եւ հայութեամբ իրապէս հետաքրքրուած չէ այնքան ատեն, որքան իրենց արտօնութիւն կը տրուի, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին իրենց բանակը պահեն: Մինչեւ այն ատեն, երբ մենք ալ կը կարծենք, որ այդ մէկը մեզի համար օգտակար է, Ռուսիա ինչ պէտք ունի որեւէ բան ընելու. Ռուսիա նաեւ պատճառ չի տեսներ արցախահայութեան օգնելու: Աւելին՝ իրենց համար գլխացաւ մը պակաս է՝ Արցախը թող Ատրպէյճանի մաս ըլլայ, եւ այդ մասին այլեւս մտածելու կարիք չի մնար:
Այս ուժերուն դէմ Հայաստան կամ հայութիւնը ինչ կրնար ընել, եւ ինչպէս կրնար պայքարիլ՝ չեմ գիտեր: Ես, հաւանաբար, յոռետես ըլլալով, կը կարծեմ, որ շատ բան չենք կրնար ընել, եւ կացութիւնը այսպէս ալ պիտի մնայ: Միակ մտավախութիւնս այն է, որ նոյնիսկ եթէ վաղը Թուրքիա եւ Ատրպէյճան որոշեն Հայաստանն ալ գրաւել, որեւէ երկիր որեւէ բան պիտի չընէ: Իրավիճակին վերաբերեալ միակ գանգատները արտայայտեցին Ֆրանսա եւ Իրան, եւ անոնցմէ բացի որեւէ երկիր ձայն չհանեց:
Ըստ իս, պէտք է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը օգնութեան դիմէ հայ գիտնականներու եւ դիւանագէտներու ու միասնաբար ծրագիր պատրաստեն, որ գոնէ Հայաստանի սահմանները կարենան պահել, որովհետեւ, երբ վաղը հարց յառաջանայ Նախիջեւանէն դէպի Ատրպէյճան ճամբայ բանալու, Հայաստան կը կորսնցնէ Իրանի հետ իր սահմանը:
Մասնագէտները կրնան այս հարցին լուծումներ գտնել: Յոյս ունիմ, որ իմ մտահոգութիւնները կը հետաքրքրեն «Ասպարէզ»ի ընթերցողները եւ զգօնութեան կոչ կ՛ըլլան, որ մտահոգուելու հարց ունինք: