Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր 26 Սեպտեմբերին այցելեց Սիւնիք, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին ընկերակցութեամբ՝ եւ հանդիպում ունեցաւ պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ Արցախէն տեղահանուածներու հետ։
Կոռնիձորի մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ան ըսաւ, որ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը շատ անհանգստացնող հաղորդումներ կը ստանայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, քաղաքացիներու նկատմամբ գործադրուած բռնութեան վերաբերեալ: Ան կը պատասխանէր այն հարցումին, որ արդեօք կը հաւատա՞յ Ատրպէյճանի այն պնդումներուն, թէ իրենք միայն թիրախ դարձուցին ռազմական կառոյցներ: Փաուըր շեշտեց, որ այդ բոլորը իսկապէս յստակացնելու համար կարիք կայ անկախ աչքի։
Ան յիշեցուց, որ ինք Հայաստան կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի յանձնարարականով` խօսելու իշխանութիւններուն, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու հետ, տեղւոյն վրայ ծանօթանալու իրավիճակին, փաստերուն, լսելու ականատեսներու վկայութիւնները, նաեւ խորհրդակցելու տարածաշրջանի իշխանութիւններուն հետ։
Փաուըր աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգները վերադառնալով պիտի զեկուցէ այս բոլորին մաիսն, որպէսզի նախագահը եւ վարչակազմը կարենան դիտարկուող տարբերակներէն ընտրել այն տարբերակը, որ պիտի կիրարկուի։

Փաուըր տեղեկացուց, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու կարիքները հոգալու նպատակով պիտի յատկացնէ 11.5 միլիոն տոլար մարդասիրական օգնութիւն:
«Ծանր է լսել եւ տեսնել այս բոլորը, զորս ապրած են այս ընտանիքները: Շատերը ռմբակոծումներու տակ հեռացած են իրենց համայնքներէն եւ գիւղական բնակավայրերէն», ըսաւ Փաուըր։
Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ ամերիկեան աջակցութիւնը կ՛ապահովէ ուտելիքէն մինչեւ ընկերային-հոգեբանական աջակցութիւն` նկատի ունենալով այն ծանր հոգեբանական վիճակը, որուն մէջ կը գտնուին արցախցիները։
Փաուըր անհրաժեշտ նկատեց, որ միջազգային դիտորդները, մարդասիրական կազմակերպութիւնները կարենան հասնիլ ու աջակցութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, ուր որ ալ կը գտնուին անոնք։ «Մենք գիտենք, որ կան վիրաւոր քաղաքացիներ, որոնք տարհանման կարիք ունին», ըսաւ Փաուըրը: