
Շաբաթ, 23 Սեպտեմբերին, Փասատինա քաղաքի «Փեթակ» (նախապէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ) շաբաթօրեայ դպրոցը գեղարուեստական յայտագիրով մը նշեց 21 Սեպտեմբերը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 32ամեակը:
Ժամը ճիշդ 12ին, սրահի մէջ հաւաքուեցան բազմաթիւ ծնողներ, մեծ հայրեր եւ մեծ մայրեր: Հանդիսատես բոլոր հիւրերը, ըստ երեւոյթին, պէտք ունէին միասնականութեան այդ ուժին, այդ սրահին մէջ ներկայ ըլլալու եւ ունէին այլ հայու մը ներկայութիւնը զգալու անհրաժեշտութիւնը:
Յայտագիրը սկսաւ դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեանի բացման միտքերով: Տնօրէնը իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ այս տարի չկայ քաղցր կարկանդակ, չկան ցնծուն փուչիկներ, որովհետեւ նուազեցուած է յայտագիրը, սակայն, անիկա չէ արժեզրկուած, աւելին՝ իր նոր ձեւով անիկա դարձած է աւելի խոր եւ իմաստալից:
«Այսօր Հայութիւնը կը հարկադրուի իր սրբազնագոյն հպարտութիւնը՝ անկախութիւնը՝ իր պատմութեան ամէնէն սեւ, շփոթ եւ անհաստատ օրուան հետ նոյն օրը նշելու: Ծանր է ընդունիլ եւ համակերպիլ այս վիճակին: Սակայն, փոխանակ ջնջելու ամբողջ յայտագիրը, ուսուցչական կազմս որոշեց նշել անկախութիւնը, հրաւիրել աւելի մեծ թիւով հիւրեր, լսել փոքրիկներու բարի եւ աստուածային ձայնը, որովհետեւ միասնականութիւնը իր մէջ կը պարունակէ ուժ, բան մը՝ որուն պէտք ունինք աւելի քան երբեք: Առաւելաբար, հայ աշակերտը պէտք ունի հայրենասիրութեան սնունդին եւ հայկական դպրոցի պարտականութիւնն է իրեն վստահուած հայորդիներուն սորվեցնել, թէ հայու սրբազնագոյն արժէքները՝ պետականութիւնը եւ անկախութիւնն են», ըսաւ Տատուրեան:


Այս խօսքէն ետք սկսաւ յայտագիրը. տեսողական նիւթերու ցուցադրութիւն, երգեր եւ արտասանութիւններ: Ներկաները դիտեցին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումը, որ 1991ին պատկերասփիւռէն արձակուած կենդանի հաղորդում էր: Սահիկներու ցուցադրութեան մէջ աշակերտները դիտեցին Հայաստանի պետական եւ ազգային բոլոր խորհրդանշանները եւ ուսուցիչներէն լսեցին անոնց իմաստը, ապա աշակերտները արտասանեցին ոգեշնչող ոտանաւորներ:
Դպրոցի դաստիարակ կամաւորուհին բեմ եկաւ եւ ժամանակի պարտադրած խոհունութեամբ արտասանեց Արտաշէս Ղազարեանի այն քերթուածը, որ կարծես, թէ գրի առնուած է մերօրեայ հոգեվիճակը արտայայտելու համար. «Սա այն երկիրն է, որ կորցրել ենք: Սա այն երկիրն է, որ նորից գտանք»: Ապա այդ երիտասարդ աղջնակը ինքն իրեն եւ ամբողջ սրահը խոր յուզումի մատնելով՝ աւարտեց բանաստեղծութիւնը. «Սա այն երկիրն է, որ կորցրել ենք, երկիրն այն, որ մենք փնտռեցինք երկար: Սա այն երկիրն է, ուր մեր անցեալը յաւերժից յառնում, դառնում է ներկայ»:
Ապա, դպրոցի աշակերտները, իրենց երգի ուսուցչուհիին ղեկավարութեամբ՝ եռանդով երգեցին հայրենասիրական երգեր:
Յայտագիրի աւարտին, ամբողջ սրահը աղօթեց Տէրունական աղօթքը՝ աղերսելով, որ հայոց պետականութիւնը մնայ ամուր եւ անսասան:
«Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը կը շարունակէ աշակերտներ արձանագրել: Դիմումի համար հեռաձայնել (626) 660-9443 թիւին կամ դիմել stgregorysaturdayschool@gmail.com հասցէին։
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)