
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման միացեալ մարմինի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ՝ Ուրբաթ, 29 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի պիտի ունենայ մոմավարութեամբ հսկում մը՝ զօրակցութիւն յայտնելու համար Պաքուի ցեղասպանական արշաւին եւ հակածանքներուն ենթակայ Արցախի հայութեան։
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ մարմինը կոչ կ՛ընէ համայնքի հայութեան, որ խուռներամ մասնակցքութիւն բերէ հսկումին՝ յստակ պատգամ մը ուղղելու, թէ ամբողջութեամբ նեցուկ կը կանգնին Արցախի հայութեան եւ անոր ինքնորոշման տարրական իրաւունքի պահպանման։