Ընկ. Յակոբ Պոսնոյեանի Յիշատակին
Կարդացուած՝ Ընկ. Անդօ Շանլեանի Կողմէ
Վայրագ մահը իր ճիրաններով անգամ մը եւս եկաւ մեզմէ խլելու սիրելի ընկեր մը: Այս անգամ կարգը Յակոբինն էր, որ իր երիտասարդ հասակին կքեցաւ անողորմ մահուան արձակած փամփուշտներուն դիմաց:
Սուգի մէջ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեծ ընտանիքը: Սուգի մէջ են նամանաւանդ Փասատինայի Հ.Յ.Դ. «Լեռնավայր» կոմիտէութիւնն ու անոր ընկերները:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր կազմութեան օրերէն իսկ եղած է երիտասարդ նահատակներու կուսակցութիւն: Առաջին օրէն իսկ յեղափոխական գործին ու ազատագրական պայքարի վսեմ գաղափարներով յառաջ ընթացող մեր կազմակերպութիւնը ազգի բագինին առջեւ զոհած է իր երիտասարդ մարտիկներու ընտրանին: Դեռ քանի մը տարիներ առաջ այդ նոյն մղումը՝ մահը արհամարհելով արծիւի պէս խոյանալը, դարձեալ կտակ մնաց մեզ Երեւանի մօտ՝ Եռաբլուրի մէջ թաղուած Արցախի ազատագրման համար անսակարկ զոհուած մեր դաշնակցական նահատակներու կողմէ:
Յակոբ այդ շառաւիղին մաս կը կազմէ: Թէեւ ան ֆիզիքապէս հոն չէր, բայց հոն էր իր հոգիով ու սրտով: Կանուխ հասակէն Հ.Մ.Ը.Մ.էն ու ակումբէն զատ բան չգիտցող մեր երիտասարդ ընկերը տարիներ շարունակ մարտնչեցաւ իր ազգի ու հայրենիքի վսեմ նպատակներուն իրականացման համար: Եւ ան իր կեանքի ընթացքին տեսաւ թերեւս դաշնակցականին համար հիմնական երազանք հանդիսացող հայրենիքի վերանկախացումը: Սակայն Յակոբ ու իր ընկերները գիտակից էին ու ե՛ն, որ այս փոքր հայրենիքը լրումը չէ իրենց պայքարին ու դարաւոր երազանքին: Յակոբ գիտէր, որ տակաւին շատ բան ունէր կատարելիք:
Գիտէր, բայց իր հուժկու մարմինը չդիմացաւ: Ու ան ինկաւ վիրաւոր արծիւի նման, իր սրտին մէկ ծայրը թաքցնելով իր տակաւին չաւարտած ազգային գործի խայծը:
Սիրելի Յակոբ: Ելի՛ր, նայի՛ր: Հոս հաւաքուած են բոլոր կուսակցական ընկերներդ: Ընկերներ՝ որոնց հետ անուշ, համով ու հոտով օրեր անցուցած ես ու ազգային գործ կատարած: Ելի՛ր եւ նայի՛ր, թէ անոնց սրտերուն մէջ ինչ թախիծ ստեղծեցիր: Լսէ՛ մեզ ու ելի՛ր, որովհետեւ բոլորն ալ կարօտ են քու խնդումերես դէմքիդ: Կարօտ ենք քու խրախուսական խօսքերուդ: Բայց մանաւանդ կարօտը ունինք մեր երիտասարդ ընկերոջ, որուն հետ պիտի ապրէինք ու պայքարէինք մինչեւ խոր ծերութիւն ու տեսնէինք մեր հրաշալի հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին ապագայ յաջող ու յաղթական երթը:
Քեզի չի վայլեր այսպէս անխօս քնանալ: Դուն այսպէս մեզի ձգող ու հեռացող տղայ չես: Դուն չես կրնար այսպէս որբ ու տխուր ձգել քու պայքարի ընկերներդ:
Ինչո՞ւ չես լսեր ու չես ելլեր: Դուն միշտ առջեւէն վազողն էիր մեր մէջէն: Ինչո՞ւ գացիր ու սուգի մատնեցիր բոլորս:
Ճակատագիր կ’ըսեն: Թող ես թքնեմ քու վրադ, ով չարագործ, ոխերիմ ու անզգամ ճակատագիր: Դուն ի՞նչ իրաւունքով մեզմէ կը խլես մեր սիրելին եւ ան ալ իր երիտասարդ տարիքին, երբ դեռ շատ բան ունէր կատարելիք իր ազգին ու ընտանիքի համար:
Բայց ոչ: Մենք աւելի զօրաւոր ենք, քան դուն: Մենք երբեք պիտի չմոռնանք մեր սիրելի ընկերը, եւ իր յիշատակը անմեռ պիտի մնայ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ: Դուն սեւ ճակատագիր, ոչ մէկ ատեն յաղթած ես մեզ: Մենք այն կուսակցութիւնն ենք, որ կ’աշխատինք «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաբանով: Եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ ընկեր Յակոբը մեզի համար:
Սիրելի Յակոբ: Հոս կ’ուխտենք հաւատարիմ մնալ այն բոլոր սրբութիւններուն, որոնց կը հաւատայիր դուն: Դուն միշտ մեր հետ պիտի ըլլաս, եւ մենք ջանք պիտի չխնայենք, որ քու զաւակներդ մեծնան ու պատրաստուին շարունակելու այն գաղափարական գործը, որ դուն սկսած էիր: Վստահ եղիր, որ զաւակներդ պիտի դառնան քեզ նման հայասէր ու ազնիւ անձեր, որոնք պատիւ պիտի բերեն քեզ ու Պոսնոյեան գերդաստանին: Կ’երդնունք, որ այս մէկը իրականութիւն պիտի դառնայ:
Թող հայրենիքէն հեռու այս օտար ափի բուռ մը հողը թեթեւ ըլլայ վրադ եւ դառնայ կտոր մը Հայաստան: Թող շիրիմդ անթառամ մնայ միշտ եւ յաւիտեան, սիրելի Յակոբ:
Օգոստոս 10, 2007
Եղբ. Յակոբ Պոսնոյեան Յուշ Դարձաւ
Շուրջ քառասուն օրեր առաջ ցուրտ հողին յանձնեցինք մեր շատ սիրելի Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներէն Յակոբ Պոսնոյեանը, խոր սուգի մատնելով իր խոստումնալից զաւակները, սիրալիր կողակիցը, գուրգուրոտ մայրը, քոյրն ու եղբայրը, համայն հարազատներն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը:
Անհաւատալի, բայց իրաւ: Ահաւոր իրականութիւն մը, որուն դժուար է հաշտուիլ: Անսպասելի ճակատագիր մը, որմէ կարելի չեղաւ փախուստ տալ:
Եղբ. Յակոբ Պոսնոյեան ծնած էր Հալէպ, Սուրիա: 4 տարեկանին միացած էր ծննդավայրի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն իբրեւ գայլիկ եւ այնուհետեւ հասակ նետելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս, իր միութենական կարողութիւններով անցած էր սկաուտական բոլոր հանգրուաններէն եւ արժանացած էր համապատասխան աստիճաններու եւ պաշտօններու: Սկաուտական կեանքին առընթեր, եղբայրը յատուկ սէր ունենալով նաեւ ֆութպոլին հանդէպ, երկար տարիներ եղած էր Հալէպի ֆութպոլի նշանաւոր Ա. խումբին բերդապահը:
1985ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած էր Ամերիկա եւ Փասատինա հաստատուելով, միացած էր տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին եւ առաջին օրէն իսկ նշանակուած էր մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի անդամ: Ապա, նախաձեռնած էր մասնաճիւղի երէցներու եւ պարմանուհիներու փաղանգի ստեղծման, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր երեք տարիներ:
Սկաուտական աշխատանքներուն առընթեր, եղբայրը երկար տարիներ իբրեւ ֆութպոլի մարզիչ ծառայեց մասնաճիւղէն ներս, ինչպէս նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ անոր զանազան յանձնախումբերու մէջ. ծնողական, օժանդակ եւ յատկապէս բանակումի յանձնախումբ:
1999ին միացած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորած փողերախումբին եւ մինչեւ իր մահը, ոչ միայն բծախնդիր կերպով իբրեւ պատասխանատու աշխատած էր, այլ նաեւ նուագած էր զանազան նուագարաններ:
Եղբօր թմբուկի հարուածները յատկապէս Նաւասարդեան շքերթներուն ոգեւորեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի տողանցող խումբերն ու հանդիսատեսները, անոնց էութեան մէջ կամք ու կորով արմատաւորելով:
Եղբ. Պոսնոյեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ եղաւ այն եզակի եղբայրներէն, որ փառք կամ պաշտօն չփնտռեց իր միութենական պարտականութիւններուն մէջ եւ ոչ ալ իր կատարած աշխատանքներու մակարդակին, մեծութեան կամ տեսակին կարեւորութիւն ընծայեց: Մնայուն ժպիտով կատարեց իր բոլոր պատասխանատուութիւնները:
Եղբայրը իր ընտանիքով մխրճուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի աշխատանքներուն մէջ: Ան միշտ պատրաստ զինուորն էր յատկապէս մասնաճիւղի խմբապետական կազմին, որուն կազմակերպած բանակումներուն, պտոյտներուն եւ աշխատանքներուն միշտ օգնութեան ձեռք երկարեց:
Այսօր դժուար է այս բոլորը պատկերացնել առանց եղբ. Յակոբին: Ան վստահաբար, նման աշխատանքներուն ֆիզիքապէս մեզի հետ պիտի չըլլայ: Սակայն անոր միութենական մաքուր նկարագիրը, աշխատանքի ոգին ու զօրաւոր կամքը միշտ մղիչ ուժ պիտի հանդիսանայ այն սերունդին, որ մօտէն գործակցեցաւ եղբ. Պոսնոյեանին հետ:
Սիրելի եղբայր, կանուխ եղաւ մեկնումդ: Դեռ շատ տալիք ունէիր այս աշխարհին: Այսուհանդերձ, հանգիստ ննջէ: Քու ժառանգորդներդ եւ միութենական քոյր-եղբայրներդ պիտի ամբողջացնեն կիսատ ձգած իղձերդ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի եղբայր:
ՍԳԱԿԻՐ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՄԸ