
Ռապըրթ Մենենտեզ, Ալեքս Փըտիա եւ Մարքօ Ռուպիօ
Արցախի վրայ 19 Սեպտեմբերին կատարուած Ատրպէյճանի նորագոյն «լկտի յարձակումը» հերթական փաստն է, որ այդ երկրի ղեկավար Իլհամ Ալիեւ կը փափաքի բնաջնջել տեղւոյն հայ բնակչութիւնը, յայտարարեց Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ:
Նոյն յանձնախումբին ատենապետը՝ Ռապըրթ Մենենտեզ, եւս դատապարտեց «անմեղ քաղաքացիներու վրայ ատրպէյճանցիներու յարձակումը»՝ պահանջելով նախագահ Պայտընի վարչակազմէն, որ կասեցնէ Ատրպէյճանին տրամադրուելիք ռազմական աջակցութիւններու յանձնումը։
Մենետեզին իր ձայնը միացուց նաեւ Ծերակոյտի Ռազմական սպասարկութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ճեք Ռիտ, որ այս գծով նաեւ Մենետեզի հետ նամակ մը յղեց արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին։
Յարձակումը խստօրէն դատապարտեցին նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Տէյվիտ Վալատաօ եւ Էտըմ Շիֆ՝ զայն որակելով Արցախի ժողովուրդին դէմ «ցեղասպանական արշաւ» եւ անոնք Ուաշինկթընէն պահանջեցին գործածել դիւանագիտականն բոլոր միջոցները՝ պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի տարրական իրաւունքները, ներառեալ՝ իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը։
Ծերակուտականներ Ալեքս Փըտիա եւ Մարքօ Ռուպիօ եւս միացեալ յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտեցին յարձակումը։