Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց Պաքուին՝ անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները Արցախի մէջ։ Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ մեծապէս մտահոգ է Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններով, որոնք միայն կը վատթարացնեն արդէն իսկ անմխիթար մարդասիրական իրավիճակը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ կը վտանգեն խաղաղութեան հասնելու հեռանկարները:
Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի անունով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի. որ նախապէս Ուաշինկթըն Ատրպէյճանին փոխանցած էր, որ տարակարծութիւններու կարգաւորման համար ուժի գործադրութիւնը անընդունելի է: «Անիկա կը հակասէ արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն: Կոչ կ՛ուղղենք՝ անյապաղ դադրեցնելու առճակատումը եւ երկխօսութեան սկսելու Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն միջեւ», կ՛ըսուի նշեալ յայտարարութեան մէջ։
Աւելի ուշ, «Ռոյթըրզ»ը՝ յղում ընելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչի մը՝ տեղեկացուց, որ արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն յառաջիկայ 24 ժամերուն ընթացքին կապեր պիտի հաստատէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։
Ամերիկացի դիւանագէտը յայտնեց, որ օրուան ընթացքին Միացեալ Նահանգները դիւանագիտական ուղիներով կը ճշդէր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սրած իրավիճակին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախարար Պլինքըն ունեցան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որոնք ընթացքին քննարկեցին Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Երկուստեք ընդգծեցին ուժի կիրարկման անթոյլատրելիութիւնը եւ լարուածութեան մեղմացման համար միջազգային գործիքակազմերու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը։
Այս բոլորին զուգահեռ, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը տարածեց յայտարարութիւն մը Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւններուն գծով իր աշխատակիցները յորդորելով խուսափիլ Հայաստանի կարգ մը շրջանները այցելելէ:
«Տեղական լրատուամիջոցները եւ պաշտօնեաները յայտնեցին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին բախումներուն մասին: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանի երկայնքով մարտերու մասին տեղեկութիւններ չկան: Դեսպանութիւնը կը գիտակցի, որ իրավիճակը արագ կը զարգանայ, եւ կը շարունակէ ուշադիր հետեւել անոր», յայտարարեց դեսպանատունը եւ յորդորեց խուսափիլ Հայաստանի կարգ մը սահմանամերձ շրջաններ այցելութիւններէ` մասնաւորապէս Տաւուշի մարզը, Սեւանայ լիճի արեւելեան եւ հարաւային հատուածները, Երասխ գիւղը, Վայոց ձորի մարզը, Սիւնիքի մարզը, իսկ Արցախ մեկնիլը ընդհանրապէս արգիլուած յայտարարեց։