Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, անդրադառնալով Արցախի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն՝ յայտնեց, թէ Քրեմլին մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան կտրուկ աճով եւ զինուորական գործողութիւններու բռնկումով։
Ըստ «Ինթերֆաքս»ի՝ Փեսքով ըսաւ հետեւեալը. «Մոսկուայի՝ Երեւանի եւ Պաքուի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կացութեան շուրջ հաղորդակցութիւնները առայժմ կը կատարուին զինուորականներու ճամբով, սակայն կը համաձայնեցուի աւելի բարձր, ներառեալ բարձրագոյն մակարդակով հաղորդակցութեան կարելիութիւնը»։
Փեսքով աւելցուց, որ Արցախի մէջ հակամարտութեան սրման մէջ հիմնական հարցը հոն ապրողներուն ապահովութիւնը պաշտպանելն է, առ այդ, Երեւանը եւ Պաքուն պէտք է համոզել, որ հրաժարին ուժէն եւ սկսին բանակցութիւններու։
Ան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կարգաւորման հիմքը Մոսկուայի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւններն են: «Մենք առայժմ կը կեդրոնանանք անոր վրայ», նշեց Փեսքով՝ աւելցնելով, որ կան բաւական կուռ եւ իրագործելի հիմք` եռակողմ փաստաթուղթերը, որոնց հիման վրայ պէտք է համաձայնութիւն ձեռք բերուի քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգաւորման վերադառնալու համար:
«Ռիա Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, որ Փեսքով շեշտեց, թէ Արցախի մէջ խաղաղապահ ռուս զինուորականները կը շարունակեն աշխատանքը՝ այս տարածաշրջանը խաղաղութեան վերադարձնելու համար։ «Խաղաղապահները կը կատարեն իրենց գործը, սակայն, այնուամենայնիւ, կացութիւնը կը մնայ բարդ», դիտել տուաւ Փեսքով եւ ըսաւ, որ զինուորական գործողութիւններու վերսկսիլը լուրջ մարտահրաւէր է եւ, առաջին հերթին, լուրջ սպառնալիք՝ խաղաղ բնակչութեան համար։
Ան չհաստատեց Ատրպէյճանի տարածած այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն Ղարաբաղի դէմ ռազմական գործողութիւններու սկսելէ առաջ Պաքու այդ մասին տեղեակ պահած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը: «Չեմ կրնան հաստատել, որ մենք նախապէս տեղեակ էինք», ըսաւ Փեսքով։
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա աւելի կանուխ, մեկնաբանելով Պաքուի այն յայտարարութիւնը, թէ «հակաահաբեկչական գործողութիւններու» մասին տեղեակ պահած է ռուս խաղաղապահները եւ զինադադարի պահպանման հետեւող ռուս-թրքական հսկողութեան կեդրոնը՝ յայտարարեց. «Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններ սկսելու տեղեկութիւնը ռուս խաղաղապահներուն փոխանցուած է գործողութեան մեկնարկէն քանի մը վայրկեան առաջ»։
Զախարովա վստահեցուց, որ Ռուսիա հաղորդակցութեան մէջ է ատրպէյճանական կողմին հետ։ Ան ընդգծած է, որ Մոսկուա խորապէս մտահոգուած է կացութեան սրումով։
Ան աւելի ուշ, մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որմով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ռուս խաղաղապահներուն կոչ ուղղուած է՝ քայլերու ձեռնարկելու Ատրպէյճանի կողմէ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու համար, յիշեցուց Հայաստանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղը պաշտօնապէս Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ։
«Իսկ ի՞նչ ընել Երեւանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալու գծով», «Թելեկրամ»ի վրայ գրած է Զախարովա։
Ան անգամ մը եւս քննադատեց Հայաստանի իշխանաւորները «բացայայտ հակառուսական քայլերուն համար», սակայն նշելով, որ ռուսական կողմը կը հաստատէ յանձնառութիւնը հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններուն նկատմամբ եւ պատրաստ է Երեւանի հետ զարգացնելու փոխգործակցութեան բազմակողմ գործնական քայլեր։
«Մեզ չի կրնար բաւարարեր Երեւանի իշխանութիւններուն յայտարարութիւնները այն մասին, որ իրենց քայլերը` թէ՛ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի սահմանադրութեան վաւերացման գործընթացին վերաբերող, թէ՛ ակնյայտ հակառուսական շփումները Քիեւի վարչակարգին հետ, եւ թէ Միացեալ Նահանգներու հետ միացեալ զօրավարժութիւնը` ոչ մէկ ձեւով կապ ունին Ռուսիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն», ըսաւ Զախարովա։