ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Մարդկութիւնը իր գոյութեան սկիզբէն ի վեր պաշտած եւ աստուածացուցած է բոլոր այն երեւոյթները, որոնք իրեն վախ պատճառած են, երբ անոնց տիրապետելու ուժը եւ կարողութիւնը չէ ունեցած: Ան աստուածացուցած եւ պաշտամունքի առարկայ դարձուցած է բազմաթիւ բնական երեւոյթներ, ինչպէս՝ կրակը, հովը, կայծակը, նախնիները, որոնց չէ կրցած բացատրութիւն տալ, հետեւաբար, բնական աղէտները բացատրած է իբրեւ աստուածային պատիժներ, աստուածներու բարկութիւն եւ այլն, այսինքն, երբ մարդկային բանականութիւնը զարգացած չէր եւ իր շուրջ տիրող երեւոյթներուն բացատրութիւն չէր կրնար տալ, ստեղծած էր իրեն համար աստուածութիւններ: Իրողութիւն է որ բանականութիւնը եւ գիտութիւնը հաշտ չեն կրնար ըլլալ հաւատքին հետ, եւ այդ պատճառով է որ հաւատամքները դարերու ընթացքին միշտ փոխուած են, իսկ գիտութեան զարգացումով կրօնքը թուլացած եւ անոր անմնացորդ եւ կուրօրէն հաւատացեալ հետեւորդները՝ նուազած:
Նոյն զուգահեռը կարելի է գծել նաեւ կուսակցութիւններու եւ անոնց հետեւորդներու պարագային: Կուսակցութիւնները եւ նոյնիսկ գաղափարաբանութիւնները աւելի ազդու էին զանգուածներուն վրայ, երբ գիտութիւնը բազմութիւններուն հասանելի չէր։ Հետեւաբար, կուսակցութիւններու վերնախաւին որոշումները կ՛ընկալուէին առանց հարցադրելու անոնց իրապաշտութիւնը՝ ինչպէս էր պարագան համայնավարական գաղափարաբանութեան պարագային: Այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է այդ գաղափարաբանութիւնը, որ ժամանակին կլանած էր երկրագունդին հաւանաբար կէսէն աւելին:
Մեր իրականութեան մէջ ալ նոյն եղափոխութիւնը կայ: Կուսակցութիւնները այլեւս նախկին ժամանակներուն նման մեծ զանգուածներ իրենց շուրջ չեն կրնար հաւաքել, մանաւանդ, երբ այդ զանգուածը զարգացած է եւ կրնայ տեսնել կիրառուած սխալ քաղաքականութիւնը եւ անոր հետեւանքը ազգային կեանքին մէջ։ Սակայն, բնականաբար, միշտ ալ պիտի ըլլան բազմութիւններ, թերեւս աւելի քիչ թիւով, որոնք գերի պիտի մնան իրենց զգացումներուն եւ հաւատամքին, առանց անսալու բանականութեան կանչին:
Վերջերս, հայ հասարակութեան մէջ դարձեալ երկփեղկման պատճառ մը հանդիսացաւ 12 Սեպտեմբերին ռուսական Կարմիր Խաչին պատկանող ուտելիք եւ կենցաղային անհրաժեշտ առարկաներով բեռնաւորուած բեռնատարի մը՝ Աղտամի ճանապարհով Ստեփանակերտ մուտքի թոյլտուութեան եղելութիւնը: Այս բեռնատարին ընդունման համաձայնութիւնը իրականացաւ միայն Արցախի նախագահի պաշտօնէն Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականէն ետք եւ նորընտիր նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի որոշումով:
Աղտամի ճանապարհով Ստեփանակերտ ուտելիքի մատակարարումը վերջին քանի մը շաբաթներու վրայ երկարած քաղաքական ենթաբնագիր ունեցող հարց էր, նկատի ունենալով այն, որ Լաչինի միջանցքով ուտելիք հասցնելը 9 Նոյեմբերի եռակողմ համաձայնութեան հետ համահունչ էր եւ որեւէ արգելք չկար անոր։ Սակայն, հակառակ անոր, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները անօրինական շրջափակման ենթարկած էին Արցախի մնացեալ մասը, եւ ահա՛ ամիսներէ ի վեր խափանած այդ ճանապարհով որեւէ մարդասիրական եւ ուտելիքի մատակարարում՝ արգիլելով նոյնիսկ Ֆրանսական օգնութեան բեռնատարներու մուտքը: Աղտամով մուտքը այդպիսով կը ստանար քաղաքական իմաստ, որուն միջոցաւ կը պարտադրուէր Արցախի Հայաստանի հետ որեւէ առընչութիւն ունենալու իրաւունքի մերժում:
Այս իրավիճակը բնականաբար առիթ եղաւ հայկական ընկերային ցանցերու վրայ օգտատէրերու արդար վրդովումին, յատկապէս երբ տարածուեցաւ՝ թերեւս ապատեղեկատուութեան նպատակային դիտաւորութեամբ, թէ բեռնատարը բերած էր վերմակներ։ Իսկ իրականութիւնը, որ քիչ մը ուշացումով բացայայտուեցաւ, այն էր, որ ուտելիքի հետ բեռը կը պարունակէր նաեւ վերմակներ, ատամի խոզանակներ եւ ոչ այդքան էական առարկաներ, երբ 120,000 անձեր գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր անօթի են: Այս արդար ընդվզումին հակադրուեցաւ զանգուած մը, որ ակնյայտօրէն կը թեքէր խորհրդարանական ընդդիմութեան, որ վստահաբար նոյնքան եւ աւելի պիտի դժգոհէր, լուտանքներով համեմուած բողոքի ձայնը բարձրացնելով ընդդէմ թէ՛ Արայիկ Յարութիւնեանին եւ թէ Հայաստանի վարչապետին, եթէ յիշեալ ռուսական բեռնատարը Ասկերանի սահմանը հատած ըլլար Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնավարման ընթացքին:
Այսօր, այդ ընդդիմադիր զանգուածը շատ բնական կը տեսնէ այդ բեռնատարին Աղտամէն մուտքը դէպի Ստեփանակերտ, որ կրնայ Հայաստանէն Լաչինով ճանապարհը վերջնականապէս փակել եւ Արցախի՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ իրողապէս միաձուլումը եւ հայութեան տարհանումը արագացնել: Ոչ մէկ բողոքի խօսք կայ նախագահ Շահրամանեանի հասցէին:
Այդ նոյն զանգուածը չուզեր կամ չի կրնար բանականութեան դիմելով՝ տեսնել, որ այսքան աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու սպառնալիքները, մեր գոյութեան վտանգ ներկայացնող մարտահրաւէրները, Արցախեան աղէտը, մեր շուրջը ընթացող քաղաքական խմորումները, նոր ձեւաւորուող ռազմական դաշինքները, առեւտուրի եւ կազամուղներու համար նոր ճանապարհներու վրայ հակակշիռներ ստեղծելու միջ-պետական պայքարները եւ մրցակցութիւնները չեն կրնար ըլլալ քարտէսին վրայ հազիւ նշմարուող փոքր Հայաստանի մը մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան եւ անոր վարչապետին ինքնութեան, կամ անոր տարած քաղաքական կողմնորոշումներուն հետեւանք: Այդ բոլորը մեր ուժերէն վեր են:
Անշուշտ այս ամենեւին չի նսեմացներ քաղաքական ընդդիմութեան գոյութեան կարեւորութիւնը։ Ընդհակառակը, անոր գոյութիւնը կենսական է ժողովրդավարութեան զարգացման համար եւ կարեւոր՝ իշխանութեան թերի գործունէութիւնը զսպելու եւ հակակշռելու համար: Ինչպէս բոլոր զարգացած երկիրներու պարագային, ընդդիմութիւնը աչալուրջ պէտք է հետեւի երկիրի յառաջընթացին եւ միշտ այլընտրանքային առաջարկներով հանդէս գայ, ժողովուրդին բարօրութեան համար, նոր շինիչ ծրագիրներ մշակելով եւ թելադրելով, որպէսզի յաջորդող ընտրութիւններուն ժողովուրդի քուէն շահելով՝ գայ իշխանութեան: Նոյնը եւ պատերազմներու սպառնալիքի պարագային, ընդդիմութեան պարտականութիւնն է արհաւիրք դիմակայող իր տեսլականը եւ ուղեցոյցը ներկայացնել:
Հայաստանի խիստ վտանգաւոր ներկան նկատի ունենալով, ընդդիմութեան պարտականութիւնը սատարել պետականութեան ամրապնդման եւ զերծ մնալով հասարակութեան մէջ երկպառակութիւն ստեղծելէ՝ իշխանութեան օգնելն է ներկայ փուլի իր բոլոր հնարաւորութիւններով, ելք մը գտնելու համար ստեղծուած վիճակէն դուրս գալու եւ եթէ ունի յստակ բանաձեւուած քաղաքական ծրագիրներ՝ յայտարարէ զանոնք եւ հասարակութեան սեփականութիւնը դարձնէ. միայն այդպիսով կրնայ յաջորդ ընտրութիւններուն ժողովուրդը իր կողմը գրաւել եւ հասնիլ իշխանափոխութեան:
Ներկայիս, իշխանափոխութեան կոչերը առանց սեփական ուղեգիծը եւ ծրագիրները յստակացնելու, խորհրդարանային աշխատանքները պոյքոթի ենթարկելով եւ չմասնակցելով, միայն քաղաքական ապակայունութիւն կը ստեղծեն, որ միանշանակ վտանգ է պետութեան գոյութեան, աւելին՝ ձեռնտու՝ թշնամիին:
Ալպըրթ Այնըշթայն ըսած է հետեւեալը. «Այն աշխարհը, զոր մենք ստեղծած ենք, մեր մտածելակերպի գործընթացին հետեւանքն է. անիկա չի կրնար փոխուիլ առանց մեր մտածելակերպի փոփոխութեան» (The world as we have created it is a process of our thinking. It cannot be changed without changing our thinking):
Եթէ կ՛ուզենք փոխել Հայաստանի ներկայ իրավիճակը, պէտք է փոխենք մեր մտածելակերպը: