ՆՈՐ ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Պուլկարիոյ կառավարութիւնը կը ստիպէ պուլկար մեծ քաղաքներու, մասնաւորապէս Վառնայի մէջ կեդրոնացած հայ գաղթականները, որ երկրին գիւղերուն մէջ հաստատուին:
Ասիկա նոր տեսակի տարագրութիւն մըն է, որովհետեւ քաղաքացի հայերը գիւղական կեանքին եւ աշխատանքներուն վարժուած չըլլալով, գիւղերու մէջ կորստեան պիտի մատնուին:
Քանի մը շաբաթներ առաջ, 400ի չափ գաղթական հայեր Պուլկարիայէն Մարսելիա մեկնած են, ուրիշներ ալ պիտի մեկնին, իսկ անոնք, որոնք ճանապարհածախս չունին, հարկադրուած պիտի ըլլան գիւղերու մէջ ապաստան փնտռելու:
ՆԱՄԱԿԱՏՈՒՓ
– Լօս Անճելըս, Ք. Ասատուրեանին.- Ձեր ղրկած «Կը Փնտռուի»ն չենք կարող հրատարակել, որովհետեւ գրուած տողերէն բան մը չկրցինք հասկնալ:
– ՆԱՄԱԿ ՈՒՆԻ.- Ղազար Սանոսեան նամակ ունի խմբագրութեանս մօտ:
Սեպտեմբեր 5, 1923, թիւ 989