ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

1991 Սեպտեմբեր 2ին Ստեփանակերտի մէջ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզի եւ Շահումեանի շրջանի երեսփոխաններու համատեղ նստաշրջանին կը յայտարարուին Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու եւ Արցախի անկախութեան որոշումները․ անմիջապէս ետք կը սկսի ձեւաւորուիլ պետական կառոյցներու եւ հաստատութիւններու գործընթացը։
Անկախութեան հռչակման այս որոշումը կը հետեւէր 1988ին Ստեփանակերտէն մեկնարկած եւ ապա Երեւանի եւ Սփիւռքի մէջ տարածուած ՄԻԱՑՈՒՄ պահանջին։ Բնականաբար Ատրպէյճան (որուն սահմաններուն մէջ կը գտնուէր ԼՂԻՄը ռուսական կամայական որոշումով) չընդունեց կատարուած այս փաստը եւ փորձեց ուժով հպատակեցնել արցախահայութիւնը եւ տեղի ունեցաւ 1991-1994 տարիներու Արցախեան առաջին պատերազմը, որ վերջացաւ հայկական կողմին յաղթանակով։
Արցախի անկախութիւնը չէր ցոլացներ հայութեան պահանջը։ 1988ին ծաւալած պահանջատիրութիւնը Արցախի վերամիաւորման համար էր եւ ոչ թէ անոր անկախութիւն տալու եւ հայկական երկրորդ պետութեան մը ստեղծումին։ Դժբախտաբար, հայ հասարակութիւնը զոհ գնաց քաղաքական դաւադրութեան մը, որուն մասնակիցներն էին նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները։ Ի վերջոյ քաղաքականութեան այբուբենի առաջին դասն իսկ կ՛ըսէ. «Բաժնէ որ տիրես»։ Եւ փաստ է, որ այսօր Արցախի անկախութենէն 32 տարի ետք, ոչ մէկ պետութիւնը (ներառեալ Հայաստանը) ճանչցած է անոր անկախութիւնը։ Այսինքն իրողապէս, Հայաստանը ընդունած է, որ Արցախը՝ ըստ խորհրդային օրէնքներուն, կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։
Անշուշտ Հայաստանի իշխանութիւններուն դաւադիր այս քաղաքականութիւնը պատահականութիւն չէր։ Թէեւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը եւ Խորհրդային Հայաստանի խորհրդարանը կը խօսէին միացման մասին, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները անհասկնալիօրէն երրորդ հանրապետութիւնը համարեցին իրաւայաջորդը Խորհրդային Հայաստանին (որու սահմաններուն մէջ չէր գտնուեր Արցախը) եւ ոչ թէ առաջին հանրապետութեան, որ միջազգային հանրութեան առջեւ իրաւական եւ քաղաքական ուժ կու տար Հայաստանին՝ Արցախը համարելու իր անբաժան մասը։ Պատահականութի՞ւն էր թէ դաւադրութիւն։ Քաղաքականութեան մէջ պատահականութիւններ չկան։ Արցախ օտարելու այս քաղաքականութիւնը նաեւ շարունակուեցաւ ամբողջ երեսուն տարի։ Անկախ Հայաստանի առաջին իշխանութիւնները, որոնք իշխանութեան հասած էին շահարկելով Արցախի միացումը Հայաստանին, որդեգրեցին պարտուողական քաղաքականութիւն։ «Արցախը տանք, հանգիստ ապրինք» մտայնութիւնը տարածեցին ժողովուրդին մէջ, հաւատացնելով անոր որ իր դժբախտութիւններուն եւ տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառը Արցախի պատերազմն է եւ հետեւաբար պէտք է զիջիլ Արցախը որպէսզի երկիրը զարգանայ եւ բարգաւաճի։ Յաջորդ երկու իշխանութիւնները ներկայացուեցան որպէս «Ղարաբաղեան կլան» եւ Հայաստանի մէջ կատարուած բոլոր անօրինականութիւնները (կաշառակերութիւն, թալան, օրէնքի ոտնահարում եւայլն) կապուեցան արցախցիներու անուան հետ, աղաւաղելով եւ խաթարելով արցախցիին կերպարը։ Այս քարոզչական աշխատանքը եւս յատուկ տարուած էր, որպէսզի արցախցին դիտուի որպէս օտար եւ ժխտական կերպար։ Ներկայ իշխանութիւնները այս զոյգ քաղաքականութիւնը շարունակեցին։ Մէկ կողմէ անուղղակիօրէն Արցախը որպէս օտար հող ներկայացնելով, միւս կողմէ, նախկին իշխանութիւնները, որպէս արցախցիներ եւ ժխտական այրեր, նոյնացնելով առհասարակ արցախցիի կերպարին հետ։ Հողի եւ մարդու բաժանարար այս քաղաքականութիւնը ոչ մէկ ձեւով կը ծառայէ հայութեան շահերուն։ Պարզամիտ պէտք է ըլլալ հաւատալու համար, թէ սա հայկական քաղաքականութիւն է։ Հայաստանը ռուսական ազդեցութեան գօտի է եւ Արցախը միշտ ալ շահարկուած է ռուսերուն կողմէ, ճնշելու Հայաստանը եւ լծակներ ունենալու Ատրպէյճանի վրայ եւ սակարկութեան նիւթ ունենալու Թուրքիոյ հետ։ Ահա թէ որ պետութեան շահերուն կը ծառայէ «Արցախը տանք, հանգիստ ապրինք» կամ «Ղարաբաղեան կլան» բաժանարար քաղաքականութիւնը։
Արցախի անկախութենէն ետք, հակառակ անոր որ կազմաւորուեցան պետական կառոյցներ եւայլն, սակայն փաստացիօրէն անոնք մերուած էին Հայաստանի պետական կառոյցներուն։ Արցախի տնտեսութիւնը ամբողջութեամբ կախեալ էր Հայաստանի տնտեսութենէն։ Այնտեղ մինչեւ այսօր ալ կը գործածուի հայկական դրամանիշը՝ դրամը։ Բանակը, կրթական համակարգը եւ մնացեալ բոլոր հաստատութիւնները ենթակայ էին Հայաստանին։ Այսինքն, նահանգի կարգավիճակով կառավարուող շրջան մըն էր, ինքզինք անկախ հռչակած…
2020ի 44օրեայ պատերազմէն ետք ամէն ինչ գլխիվայր շրջեցաւ։ Հայաստան դադրեցաւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալէ (զինուորապէս ի վիճակի ալ չէ), Արցախի տարածքին մեծ մասի կորուստին հետ անոր տնտեսական կարելիութիւնները նուազագոյնի իջան եւ վերջապէս անցեալ Դեկտեմբեր 12էն ի վեր անիկա յայտնուած է ամբողջական պաշարման մէջ եւ անկախ Արցախը կանգնած է ցեղասպանութեան վտանգի առջեւ։
Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք եւ մէկ պետութիւն։ Ահա այսօրուան հրամայականը որ դրուած է հայ քաղաքական միտքին առջեւ։ 1988ին Արցախեան շարժումը միաւորեց համայն հայութիւնը, Ստեփանակերտէն մինչեւ Երեւան, մինչեւ Լոս Անճելըս, Պէյրութ, Փարիզ, Սիտնի եւայլն։ Դժբախտաբար այսօր, աւելի քան ութը ամիս պաշարուած Արցախը չէ յաջողած նոյն ոգին ներշնչել աշխարհասփիւռ հայութեան։ Քաղաքական եւ իշխանատենչութեան ճղճիմ հաշիւները աւելի գերադաս կը համարուին նոյնիսկ 120,000 հայու ճակատագիրէն…
Եթէ այսօր Արցախի միաւորումը Հայաստանին անհնար կը թուի, ապա այդ պահանջը պէտք է դառնայ համազգային նպատակ եւ ուղեգիծ։ Արցախի կորուստը կը նշանակէ Հայաստանի պետութեան վերացում (նշենք, որ 1920ին եւս ռուսերը, գործակցաբար թուրքերուն, նախ գրաւեցին Արցախը եւ ապա տապալեցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը)։ Այսօր ալ նոյն ծրագիրը դրուած է։ Նախ հպատակեցնել Արցախը եւ ապա Հայաստանը։
Արցախը Հայաստանի դարպասն է։