

Անցեալ շաբաթավերջին, աշխարհի առաւել քան 20 երկիրներու մէջ կազմակերպուեցան Արցախին զօրակցող հանրահաւաքներ: Նշեալ հաւաքներէն էր ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական միութեան 2 Սեպտեմբերին կազմակերպած՝ Բերձորի միջանցքի վերաբացման պահանջով գործողութիւնը: Երիտասարդները փակեցին մայրաքաղաքի Իէնա պողոտան, ուր կը գտնուի Ատրպէյճանի դեսպանատունը, ապա նստացոյց կատարեցին՝ դեսպանատան շէնքին առջեւ։ Ոստիկանութիւնը միջամտեց եւ բիրտ կերպով հեռացուց ցուցարար հայ երիտասարդները։
Յատկանշական էր նաեւ Գամիշլիի մէջ կազմակերպուած Արցախի զօրակցական հաւաքը, որուն մասնակցեցան քիւրտ եւ արաբ աշիրէթապետներ, պետական անձնաւորութիւններ ու քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւորականներ: Ստորեւ՝ «Գանձասար»ի՝ այդ հաւաքին թղթակցութիւնը.
ԲԺՇԿՈՒՀԻ ՄԱՐԻ ՄԵԼՔՈՆ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի,Կիրակի, 3 Սեպտեմբերին Գամիշլիի Ազգային առաջնորդարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ շրջափակուած բնակչութեան զօրակցական հաւաքը՝ կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի Գամիշլիի ենթայանձնախումբին։
Ժողովրդային հաւաքին ներկայ էին առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, Գամիշլիի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր հայրեր, «Պաաս» կուսակցութեան Գամիշլիի գրասենեակի պատասխանատու ներկայացուցիչներ, արաբ Շամար եւ Թայ, ինչպէս նաեւ քիւրտ աշիրապետներ, պատկան մարմինի, ազգային եւ միութենական կազմերու անդամներ եւ հոծ բազմութիւն։
Հաւաքը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւնը ու ՀՄԸՄի սկաուտներու ձեռամբ ծածանեցաւ Արցախի դրօշը։
Հանդիսավար Դալար Մարտիրոսեան-Սիմոնեան հրաւիրեց Յակոբ Պարսումեանը՝ ուղղելու Սուրիոյ Հայ Դատի Գամիշլիի ենթայանձնախումբին հայերէն խօսքը։ «Ինն ամիսէ ի վեր Արցախ կը գտնուի շրջափակման մէջ, իսկ պատանդ դարձած արցախահայութիւնը կ՛ենթարկուի անթաքոյց ցեղասպանութեան։ Այս ընթացքին սփիւռքահայութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը ի սպաս կը դնէ Արցախին եւ աշխարհով մէկ կը ձեռնարկէ զօրակցական հաւաքներու՝ միջազգային հանրութիւնը շտապ աշխատանքի մղելու եւ փրկելու աւելի քան 120,000 հայերու վտանգուած կեանքը իրենց պատմական հայրենիքին մէջ»։
Արաբերէնով խօսք արտասանեց Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան: Ան անդրադարձաւ արցախահայութեան պապենական իր հողին վրայ ազատ ապրելու իրաւունքին, ապա դատապարտեց քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանի, որուն բռնապետական վարչակարգը կը շարունակէ շրջափակումը, իսկ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը կը շարունակէ լուր մնալ ի տես այս անմարդկային արարքին։
Այնուհետեւ յաջորդաբար Գամիշլիի աւետարանական եկեղեցւոյ քահանայ Ֆիրաս Ֆարահ, «Պաաս» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Մուհամետ ալ-Տայֆ, քրտական Թայ աշիրէթի ներկայացուցիչ Շէյխ Մուհամէտ Ապտուլ Ռազաք խօսքեր արտասանելով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին արցախահայութեան՝ դատապարտելով Ատրպէյճանը եւ անոր զինակից Թուրքիան, որ նոյն քաղաքականութեամբ ճնշում կը բանեցնէ Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ, մանաւանդ զրկելով Հասիչէն ջուրի մատակարարումէն եւ թիկունք կանգնելով ահաբեկչական խմբաւորումներու։ Անոնք յայտնեցին, որ ՄԱԿը ցեղասպանութիւն կ՛անուանէ ողբերգական կենսապայմաններու միտումնաւոր ստեղծումը խումբի մը՝ անոր ֆիզիքական ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման համար. անոնք շեշտեցին նաեւ, որ Արցախի շրջափակումը, Լաչինի միջանցքին փակումը միայն հայ ժողովուրդին հարցը չէ, այլ՝ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին, որովհետեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճիրներ կը գործուին եւ արդարութիւն հաստատելու խարց կայ։
Հուսկ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան՝ ողջունելով ներկայ հիւրերը, որոնք եկած են մեր կողքին կենալու եւ մեզի հետ արդարութեան կանչը հնչեցնելու։
Այնուհետեւ բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան ընթերցեց ՄԱԿին ուղղուած բողոքագիրը, որուն մէջ կը դատապարտուի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը։
Սոյն բողոքագիրը ստորագրուեցաւ ներկայ պատասխանատուներուն կողմէ։
Մէջբերումներով ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Սուրիոյ Երիտասարդական միութեան «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի եւ Պատանեկան միութեան «Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամներ՝ արաբերէն եւ հայերէն լօզունգներ արտասանելով։