Հակառակ անոր որ արցախցիները բացարձակապէս կը մերժեն Աղտամով ատրպէյճանական որեւէ օգնութիւն, Պաքուէն կը պնդեն, որ ալիւրը Աղտամով պիտի հասցնեն Արցախ:
Ատրպէյճանական Կարմիր Մահիկի ընդհանուր քարտուղար Ճէյհուն Միրզոյեւ յայտարարեց, որ 40 թոն ալիւրը Ստեփանակերտ հասցնելու հարցով բանակցութիւնները կը շարունակուին. ատրպէյճանական կողմը կը սպասէ պատասխանի: Յստակ չէ, թէ այդ բանակցութիւնները որո՛ւ հետ կը կատարուին։
«Արդէն չորս օր է որ Աղտամ-Ասկերան-Խանքենդի (Ստեփանակերտ) ճամբուն վրայ ենք. բանակցութիւնները կը շարունակուին: Մենք հոս կը մնանք մինչեւ մեր բեռները հասնին հայ բնակիչներուն», ըսաւ ան։
Մինչ ատրպէյճանցիները կը բանակցին, Ասկերանի ճամբուն վրայ արդէն 3րդ օրը ըլլալով, 24 ժամ հերթապահութիւն իրականացնող արցախցիները կը հակադարձեն, որ պիտի շարունակեն փակ պահել ճամբան մինչեւ որ ատրպէյճանցիները իրենց ալիւրով չհեռանան:
Արցախցիները կտրականապէս կը մերժեն Ատրպէյճանէն որեւէ սննդամթերքի ներածում, ինչպէս նաեւ Աղտամի ճամբու գործարկում` պահանջելով բանալ Լաչինի միջանցքը: «Չպիտի թուրքը Աղդամ-Ստեփանակերտ ճանապարհն օգտագործի, իբր իրենք մեր մասին մտածում են, իբր բարեգործութիւն են անում, հումանիտար (մարդասիրական) բեռ են տեղափոխում, մենք իրենց կարիքը չունենք», ըսին անոնք:
«Մեզ ոչ օգնութիւն է պէտք իրենցից, մանաւանդ այս ծանր իրավիճակում թող տեսնեն բոլորը, որ մենք այս ծանր իրավիճակում էլ կարում ենք պայքարենք, մեզ պէտք չի իրենց ալիւրն էլ, ինչ սնունդ էլ լինի, պէտք չի», յայտնեց հոն գիշերողներէն մէկը։
Ասկերանի ճամբուն վրայ հերթապահութիւն կատարող արցախցիները ռուս խաղաղապահները զգուշացուցին, որ եթէ թոյլ տան ատրպէյճանական բեռնատարներուն մուտք գործել Արցախ, ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն խաղաղապահները: «Իշխանութիւնների ներկայացուցիչներին ասել ենք, որ եթէ յանկարծ ինչ-որ հարցով իրենք ուզենան բացել էլ, հայ ազգում ինչքան իշխանութիւն կայ, սաղն էլ համաձայնեն բացել, մենք ժողովուրդս չենք յելնում այստեղից, չենք բացում, եթէ պէտք է, թող գան, մեր վրայով անցնեն, բացեն», ըսին առցախցիները:
Ատրպէյճանցիները օդէն տեսանկարահանեցին Ասկերանի ճամբան փակած արցախցիները: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տարածեցին տեսագրութիւններ, որոնց մէջ յստակ կ՛երեւի ամէն ինչ։ Տեսանիւթը վերնագրուած է «Անջատողականները փակած են ճամբան, որպէսզի թոյլ չտան 40 թոն ալիւրի տեղափոխումը Ստեփանակերտ»։