Արցախի մէջ ցորենի աճող սղութեան պատճառով` յատկապէս Ստեփանակերտի մէջ, 29 Օգոստոսին, արտադրուող հացին քանակը առաւել եւս նուազեցաւ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտարարեց Արցախի «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամ»ը՝ նշելով, որ այսօր եւ վաղը կը նախատեսուի իւրաքանչիւր ընտանիքի վաճառել մէկական հաց:
«Պետական եկամուտների կոմիտէի, ոստիկանութեան եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները հացի արտադրամասերում վերահսկելու են հացի բաշխման գործընթացը: Միեւնոյն ժամանակ աշխատանքներ են տարւում եգիպտացորենի ալիւրի պատրաստման եւ հացի արտադրման ուղղութեամբ, սակայն առկայ տեղումների պատճառով եգիպտացորենի լայնածաւալ հունձի աշխատանքները մի քանի օրով յետաձգուել են», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։