22 Օգոստոսին, Արցախէն ուսանող երիտասարդներու երկրորդ խումբը՝ ռուս խաղաղապահներու ընկերակցութեամբ, անցաւ փակուած Լաչինի միջանցքէն եւ ուղղուեցաւ Երեւան՝ ուսանելու:
Անցակէտին անմիջապէս կից, ատրպէյճանցի լրագրողներ կը հաւաքեն, կը նկարահանեն եւ հարցումներ կ՛ուղղեն արցախցիներուն` պնդելով, որ միջանցքը բաց է: Ստեփանակերտ խստօրէն կը քննադատեց այս արարքը` ընդգծելով, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ արգիլել Լաչինի միջանցքով մարդասիրական բեռնափոխադրումները, իսկ Հայաստան եկող քաղաքացիներուն հետ հարցազրոյցները կ՛օգտագործէ քարոզչական նպատակներով:
Համալսարաններ ընդունուած ուսանողներէն բացի, արդէն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին ընկերակցութեամբ, Հայաստան տեղափոխուեցան նաեւ 7 հիւանդներ, իսկ 7 ուրիշներ Երեւանէն Արցախ վերադարձան։
Արկածի պատճառով զոհուած Միշա Սաֆարեանի դին կը շարունակէ մնալ Գորիսի մէջ: Կարմիր Խաչի Հայաստանի գրասենեակէն «Ազատութեան» փոխանցեցին, որ աղջկան դին հայրենի գիւղ տեղափոխելու հարցով Պաքուի հետ երկխօսութիւնը կը շարունակուի։