Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ կառուցուած եպիսկոպոսաց շէնքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Յուլիսի առաւօտուն, ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի այրիին՝ Անահիտի եւ զաւակներուն՝ Գարինի, Արամի եւ Անիթայի։
Յայտնենք, որ շէնքին շինութիւնը աւարտած էր 2019ին, սակայն համաճարակին եւ Գառնիկ Եացուպեանի մահուան պատճառով, այս տարի միայն առիթ ստեղծուեցաւ պաշտօնապէս կատարելու շէնքին բացումը, որուն ներկայ էին Կիլիկեան ուխտի միաբան հայրեր, կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, շէնքին ճարտարապետները, հայկական երեք կուսակցութիւններու, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ եպիսկոպոսաց շէնքի մուտքին «Ուրախ Լեր» շարականին երգեցողութեամբ, որմէ ետք, գլխաւորութեամբ վեհափառին, Անահիտ Եագուպեան հատեց ժապաւէնը, ապա երգուեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգը, որուն յաջորդեց շէնքին մէջ շրջագայութիւն՝ նախքան ներկաներուն ուղղուիլը դէպի Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահը, ուր հայրապետը արտասանեց իր պատգամը։



Արդարեւ, կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ վեր առաւ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին կատարուած բարերարութիւններու կարեւորութիւնը։ Առ այդ, հայրապետը ընդգծեց տիկին Անահիտի հօր՝ Գէորգ Չաթալպաշեանի բարերարութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի կառուցման, որ իր աւարտին հասած էր 1968ին, եւ անդրադարձաւ Չաթալպաշեան բարերարին ազգային արժանիքներուն։ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ, թէ ինչպէս Եագուպեան ընտանիքը, գլխաւորութեամբ հանգուցեալ Գ. Եագուպեանի, հետեւելով իրենց հօր եւ աներհօր օրինակին, ստանձնեց Պիքֆայայի Վեհարանին վերանորոգման եւ ընդլայնման (2014), ինչպէս նաեւ սոյն եպիսկոպոսաց շէնքին կառուցման (2019) բարերարութիւնը։
Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. իր վստահութիւնը յայտնեց, որ Եագուպեան ընտանիքը իր բարերարութիւնը վերանորոգ ոգիով պիտի շարունակէ ազգին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ հանգուցեալ Գ. Եագուպեանի հոգին լուսաւորէ եւ զայն հանգչեցնէ երկնային լոյս խորաններուն մէջ։
Ապա, վեհափառը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Նարեկ» աղօթամատեանի հնագոյն ձեռագիրին կրկնօրինակը նուիրեց Անահիտ Եագուպեանին։
Նշենք, որ Գ. Եագուպեան բազմաթիւ բարերարութիւններ կատարած է Սուրիոյ, Լիբանանի ու Հայաստանի մէջ եւ իրողապէս արժանացած է ազգային բարերար կոչումին։
Յիշենք, որ 2014ին, Արամ Ա. կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով զարդարած էր հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի կուրծքը։