Հոգեւորական մը կը պատմէր, թէ ինչպէս իր հաւատացեալներէն անձ մը կը վախնար վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուելու: Ի վերջոյ հոգեւորականը կը յաջողի համոզել զայն, որ որոշուած օրը հիւանդանոց ներկայանայ ու հնազանդի բժիշկներու հրահանգներուն: Հիւանդին այդ որոշման գալը սակայն, պայման մը ունէր նոյնինքն հիւանդին կողմէ. այն էր, որ այդ հոգեւորականը պէտք է գործողութեան սենեակին մէջ մնար ամբողջ գործողութեան ընթացքին, նոյնիսկ երբ զինք նուաղեցնէին: Հիւանդը այնպէս կը զգար, որ անոր ներկայութիւնը հոգեպէս զինք պիտի կազդուրէ եւ գործողութեան տոկալու զօրութիւն տայ իրեն: Համաձայնութիւնը կը գոյանայ, ու վիրաբուժական գործողութիւնը կ’աւարտի լաւ արդիւնքով: Բնականօրէն, գործողութեան պահուն վերոյիշեալ հոգեւորականը հետեւած էր բժիշկներու աշխատանքին եւ նոյնիսկ որոշ ժամանակ նայած իր հաւատացեալի մարմնի ներքին գործարաններուն՝ սրտին, թոքերուն, աղիքներուն, եւայլն: Այնուհետեւ սակայն, հոգեւորականը զանազան առիթներով, հաճելի զրուցակիցներու ներկայութեան, անոր կը դառնար ու կ’ըսէր.
– Քու ներսդ ու դուրսդ գիտեմ:
Նախադասութիւնը, որ այնքան հաճելի կը թուէր ու բոլորին մօտ ժպիտ կը յառաջացնէր, կեանքի տարբեր պայմաններու մէջ տարբեր իմաստներով կարելի է օգտագործել ու հասկնալ: Վերոյիշեալ պարագային, խօսքը իսկապէս ներսը ու դուրսը տեսած ըլլալու մասին է, ակնարկելով բնականաբար մարդկային ֆիզիքական մարմնին: Մինչ նոյն նախադասութիւնը կը գործածուի շատ յաճախ անձ մը լաւապէս ճանչցած ըլլալու իմաստով, որ շատ աւելի լուրջ ու խորունկ իմաստն է այդ պարզ խօսքին:
Յաճախ կ’ըսուի նաեւ, որ դէմքը հայելին է մարդու հոգիին: Որոշ ճշմարտութիւն մը կայ այս խօսքին մէջ, սակայն ո՛չ բացարձակ: Որովհետեւ տգեղ մարդիկ ալ կան երբեմն, որոնք ազնիւ ու բիւրեղ հոգիով անձեր են: Կամ հակառակը՝ շատ գեղադէմ անձեր ալ կան երբեմն, որոնք սակայն չար ու սեւ սիրտ մը կը կրեն իրենց կուրծքին տակ: Ուրիշներ տարբեր բացատրութեամբ մը աչքերը կը ներկայացնեն իբրեւ խօսող ազդակ մարդու ներաշխարհին: Ինչ ալ ըլլան պարագաները, եզրակացութիւնը կրնայ ըլլալ այն, որ մարդոց տեսակը շատ է, ինչպէս կ’ըսուի յաճախ, եւ պէտք չէ՛ անպայման արտաքինէն դատել մեզի ներկայացող անձ մը: Ամէնէն մեծ դժբախտութիւնը այն է, երբ մարդ հոգեպէս ու ֆիզիքապէս տգեղ կ’ըլլայ: Սա արդէն դժուար պարագայ կը նկատուի, եւ վա՜յ այն մարդուն, որուն հոգին գէթ չ’օգներ իրեն, ֆիզիքական՝ դիմագծային իր տգեղութեան դիմաց առաքինութեանց վարագոյրը ծածկելու:
«Ներսդ ու դուրսդ գիտեմ» նախադասութիւնը իր հաճոյախօսական սահմանէն մասա՛մբ միայն անդին կ’անցնի: Եթէ մարդու ֆիզիքականին համար որոշ տեղ կարելի է ըսել «ներսդ ու դուրսդ գիտեմ», ապա անոր հոգեկան աշխարհի ներքին ծալքերուն համար անկարելի է ատիկա: Տակաւին, անոր «դուրս»ին՝ ֆիզիքականին համար նոյնիսկ ամբողջութեամբ կարելի չէ ըսել, թէ գիտենք, որովհետեւ իր մարմնին վրայ կրնայ պահած ըլլալ այնպիսի հետքեր, որոնք հագուստին տակ ծածկուած ըլլալով, մեզի ծանօթ կրնան չըլլալ: Իսկ ինչքան աւելի իրաւ է ուրեմն ըսել, թէ անկարելի է մարդու ներսիդին՝ անոր հոգեկան աշխարհի ներքին երեսներուն խորքը թափանցելը այնքան հեշտութեամբ: Հոգեբանական գիտութեան մէջ որոշ փորձառութիւն ունեցող մասնագէտներ նոյնիսկ կը խոստովանին, թէ ամէնէն թանձր վարագոյրը մարդուն հոգեկան աշխարհին շուրջ քաշուած է, որուն միւս կողմը դիտելու համար անպայման կարիք պիտի ունենաս տուեալ անձին օժանդակութեան: Հոգեբանութիւնը մարգարէական յայտնատեսութիւն չէ, ո՛չ ալ երկնային տեսիլքներով մարդուն յայտնուած ճշմարտութիւն: Որոշ մեթոտներու հիման վրայ փորձարկութիւն մըն է անիկա, դրական որոշ նպատակով կիրարկուող:
Կան սակայն հմայական արուեստի ճամբով արհեստավարժ փերեզակներ, որոնք «քրիստոնէութիւն քարոզել»ու պատրուակով, հակաքրիստոնէական շարժումներու ճամբով, փորձարկումներ կը կատարեն միամիտ հաւատացեալներու վրայ: Իրենց հաւատքին մէջ տկար մարդոց փորձաքարը կը դառնան անոնք, երբ հիփնոսացման միսթիք միջոցներով կը յաջողին մարդկային զգացական աշխարհին մէջ որոշ փոփոխութիւններ յառաջ բերել, մարեցնելով գետին փռել, գլխու պտոյտ տալ, ըսելով, թէ երկնային աներեւոյթ ուժեր կը դարձնեն գլուխը, եւ այլ կերպերով մարդոց ակնկալած «հրաշք»ները գործել, որոնց նպատակը ու վերջակէտը դրամաշորթութիւնն է:
Երեւցած խաբուսիկ փոփոխութիւնը տեսնելով, երբեմնի հաւատացեալ ու հաւատարիմ անձեր կ’իյնան աղանդաւորներուն որջերը, մոռնալով իրենց հայրերու լոյս հաւատքն ու իրենց մայրենի եկեղեցին: Այդ միամիտ մարդոց մտքին մէջ հիմնական գաղափարը, որ կը կազմուի աղանդաւորական շարժումի ղեկավարին մասին, այն կ’ըլլայ, թէ այդ մարդը իր դիմացը ելլողներուն «ներսը ու դուրսը» կրնայ գիտնալ: Այսպէս, ան իր որսերուն հետ երկար հարցազրոյցներ ունենալէ ետք, երբ արդէն անոնց կեանքին մանրամասնութիւններուն կը տեղեկանայ անձնապէս եւ իր արբանեակներուն միջոցաւ, կը վստահեցնէ զանոնք, թէ պիտի յայտնէ, թէ ովքե՞ր են իրենց թշնամիները: Ո՞վ պիտի չուզեր իմանալ, թէ այս կեանքին մէջ ովքե՞ր իր բարօրութեան եւ ուրախութեան հակառակ են եւ նոյնիսկ կը ջանան վնասել իրեն ի ծածուկ: Այդ մասին կարգ մը միամիտներու տուած «վկայութիւն»ներն ալ կը քաջալերեն ղեկավարը, որ «Քաջ Նազար»ի կտրիճութեամբ, իր մօտ եկողներուն աչքերուն մէջ սեւեռէ օձի խոր նայուածք մը, երբեմն կիսախուփ կոպերու եւ թարթիչներու մէջէն փայլող, իբրեւ թէ աւելի խորհրդաւոր դարձնելով «հանդիպում»ը նոր որսի մը հետ եւ յայտնէ՝ անոր ունեցած թշնամիներուն անուանացանկը:
Տակաւին աւելի յառաջ երթալով, միշտ քաջալերուած իր կէս խելքանի հետեւորդներուն «հուռռա՜»ներէն, ափերու վեր բարձրացումներէն՝ ի նշան հաւատարմութեան ու համաձայնութեան անոր արտասանած բոլոր ցափռտուքներուն, Աստուծոյ անունով պատգամներ փոխանցելու յանդուգն միջոցներուն կը դիմէ ան: Արեւմտեան Բողոքական եկեղեցիներ կը տառապին խօսքի այս վաճառականներուն ձեռքէն, որոնցմէ ծնունդ առած են այս «տնական» աղօթաժողովները, եւ որոնց կողմէ տրամադրուած դրամական մեծ յատկացումներով, նոր թափանցումներ կը կատարուին այսօր նաեւ Արեւելեան աւանդական եկեղեցիներէն ներս:
Մարդոց «ներսը ու դուրսը» ճանչնալը այս պարագային պէտք է հակառակ ուղղութեամբ ալ կիրարկել: Այսինքն, մենք որպէս հաւատացեալ ու հաւատաւոր անձեր մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը, դաւանանքը՝ հաւատքը, մեր հայրերու մեկնաբանական ամբողջ գրական ժառանագութիւնը, ծիսական արարողակարգը լաւապէս ճանչնանք, որպէսզի կարենանք գառնուկի մորթով գայլերու ներսը ճանչնալ եւ ջրել անոնց խելապատիկէն դուրս եկած այլանդակ մտածումները:
Մարդոց ներսն ու դուրսը ճանչնալէ ետք, քրիստոնեան ունի նաեւ այլ պարտականութիւն մը. այն է՝ քաջաբար յայտարարել վտանգաւոր անձերուն ինքնութիւնը, փրկելու համար Քրիստոսի Բանաւոր Հօտը: Քրիստոնէութիւն եւ տկարութիւն իրարու հակադիր գաղափարներ են: Բացէ՛ք քրիստոնէական առաջին դարերու պատմութեան էջերը եւ կարդացէ՛ք սուրբերուն կրած նեղութիւնները: Անոնցմէ ո՛չ մէկը տանջուած, տառապած ու նահատակուած պիտի ըլլար, եթէ տկար գտնուէր իր քրիստոնէական հաւատքի յայտարարութեան պահուն: Տկարութիւն բառը քրիստոնէութեան բառարանէն դուրս կը մնայ, երբ շրջապատուած ենք այսքան վկաներու բազմութեամբ, ինչպէս կ’ըսէ առաքեալը (հմմտ. Եբր. 12.1):
Ճիշդ է, մարդուն «ներսն ու դուրսը» միայն Աստուած կրնայ ճանչնալ, սակայն իր Եկեղեցւոյ հաւատարիմ անձերուն նաեւ Աստուած կը յայտնէ վերահաս վտանգները: Ան իր Աստուածային նախախնամութեամբ կը թոյլատրէ նոյնիսկ, որ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ձեռքով յայտնաբերուին այդ գայլերը, որոնք Քրիստոսի բանաւոր հօտը օձտելու (քայքայելու) կը միտին: Յայտնաբերել չի՛ բաւեր միայն, այլ պէտք է զանոնք պախարակել բոլորին դիմաց: Որովհետեւ անոնց հիմնական նպատակն է Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու խումբը քայքայել, անոնց մէջէն ընտրելով միամիտներ, օգտագործելու համար զանոնք Եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխանութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին դէմ հաւասարապէս: Ինչ որ բաժանում կը յառաջացնէ տուեալ հաւաքականութեան մէջ, չար կրնայ ըլլալ միայն:
Աղօթքը ամէնէն զօրաւոր միջոցն է ճանչնալու այդպիսի աղուէսներուն «ներսն ու դուրսը» եւ կասեցնելու անոնց քանդիչ յառաջխաղացքը, ի շահ Քրիստոսի հիմնած Սուրբ Եկեղեցիին: