13 Յունիսի երեկոյեան ժամը 6:40ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները զանազան տրամաչափի հրաձիգներով կրակեցին Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Ատրպէյճանցիներու կրակոցներուն պատճառով վնասուեցան քաղաքացիի մը ինքնաշարժը եւ այլ կառոյցներ։
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը նաեւ հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը այն մասին, որ իբր թէ վերը նշուած ուղղութեամբ երեկոյեան ժամը 5:40ին Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:
«Ադրբեջանի ՊՆն այդ հաղորդագրութեամբ նախ տեղեկատուական հիմք է ստեղծել, ապա կրակ բացել հայկական դիրքերի ուղղութեամբ», կ՛ըսուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։