«Երկսայրի դժուարութեան մէջ եմ: Իբրեւ մարդ, որ մեծապէս կը վայելէ աշխարհի բաժակի խաղերը, կը փափաքէի մասնակցիլ 2023ի ճատրակի աշխարհի բաժակի ախոյանութեան, բայց իբրեւ հայ՝ ապահով չեմ զգար Պաքու՝ Ատրպէյճան մեկնելով», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Միացեալ Նահանգները ներկայացնող ճատրակի գերվարպետ Լեւոն Արոնեան։ Ան կ՛ընդգծէ, որ ինք կը նախընտրէ առցանց միանալ ախոյանութեան։ Հաւանաբար ան Լօզան մեկնի, որպէսզի Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան հսկողութեան տակ մասնակցի ախոյանութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.