Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 18րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, «Շիքակօ Ֆայըր»ը, որ հիւրընկալեց «Քոլոմպըս Քրու»ն, եւ անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
«Քոլոմպըս Քրու»ի յաղթանակի կօլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Լուքաս Սելարայեան` 90+3րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ «Քոլոմպըս Քրու»ն 27 կէտով կը գրաւէ Արեւելեան շրջանի 7րդ դիրքը: