Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ ծերակուտականներ Ալեքս Փըտիա (Դ., Քալիֆորնիա) եւ Մարք Ռուպիօ (Հ., Ֆլորիտա), Արցախի պաշարումին վերջ դնելու պահանջով բանաձեւ մը ներկայացուցին Ծերակոյտին, յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար Արցախի 120,000 բնակչութիւնը վեց ամիսներէ ի վեր շրջափակուած պահող Պաքուի իշխանութիւններուն վրայ։
Բանաձեւը նման է Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած թիւ 108 բանաձեւին, որուն հեղինակն էր Ֆրենք Փալոն եւ որ ցարդ ապահոված է 88 քոնկրեսականներու աջակցութիւնը։
Ծերակոյտի բանաձեւին առաջին համահովանաւորներէն մէկն է Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Փըտիայի, Ռուպիոյի եւ Մենենտեզի ջանքերը՝ յիշեցնելով, որ Արցախի պաշարումը դատապարտելու եւ անոր վերացումը պահանջելու կողքին, բանաձեւին մէջ նաեւ կը պահանջուի պատժամիջոցներ որդեգրել Ատրպէյճանի եւ ատրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ եւ կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնը։
Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ Ուաշինկթընին եւ միջազգային մարմիններուն, որ հետաքննեն հայերու դէմ ատրպէյճանական պատերազմական ոճիրները, միջազգային դէտեր հաստատեն Լաչինի միջանցքին վրայ եւ աջակցութիւն տրամադրեն Արցախի պաշարուած ժողովուրդին։
Այս բանաձեւին ձեր շրջանի ծերակուտականին աջակցութիւնը ապահովելու համար այցելել կայքէջը։