8 Յունիսի յետմիջօրէի ժամը 5ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին Տրետուքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը՝ տեղեկացնելով, որ հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Ժամը 6:30ի դրութեամբ, ըստ հաղորդագրութեան, սահմանագիծին մէջ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է: