11 ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ՀՅԴ-Ի ՇԱՐՔԵՐՈՒՆ
3 Յունիսին, առաւել քան 600 հայորդիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105ամեակի տօնակատարութեան, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ։
Տօնակատարութիւնը ճոխացուցին երգիչներ Կէպի Կալոյեան եւ Գօգօ Թիւթիւնճեան, որոնք կատարեցին ազգային եւ յեղափոխական երգեր։
Ձեռնարկին բացումը կատարեցին Այանա Համամճեան եւ Անդրանիկ Զօպեան, բարի գալուստ մաղթելով մասնակցողներուն եւ լուսարձակի տակ առնելով Մայիս 28ի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։
Այնուհետեւ, Սարգիս Պալխեան խօսեցաւ հայութեան մօտ անկախութեան եւ ինքնավարութեան գաղափարները արմատացնելու գծով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ունեցած կենսական դերակաութեան մասին, զուգահեռներ գծելով Արցախի եւ Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններուն եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերու կացութեան միջեւ։
Տօնակատարութենէն անմիջապէս առաջ, Ֆերահեան վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կուսակցութեան դաստիարակչական ծրագիրը ամբողջացուցած 11 նորագիրներու երդման արարողութիւնը, որուն կնքահայրն էր Մարտիկ Քէօշկէրեան։
Նորագիրներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ, կնքահայրը շեշտեց հետեւեալները.
«Ճիշդ է, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր իրերայաջորդ քաղաքական դէպքերը ամբողջական ձեւով մեզի ի նպաստ չընթացան, մանաւանդ Արցախի հարցով, սակայն այդ բոլորով միասին, Դաշնակցութիւնը անխախտ եւ հաւատարիմ կը մնայ իր Ծրագիրին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականին, որ միաժամանակ, 1919ին՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի որոշում է:


«Դաշնակցութիւնը 133 տարուան հաստաբուն կաղնի է. թէեւ երբեմն տերեւաթափ կ՛ըլլայ, սակայն անոր արմատները անսասան կը մնան եւ ամուր կերպով մխրճուած են հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռք, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ուզենք կամ չուզենք: Այսօր Դաշնակցութիւնը աւելի քան երբեք հզօր է շնորհիւ իր շարքերուն եւ համակիր շրջանակին, Հայաստանէն մինչեւ Լոս Անճելըս, եւ իր նախնիներուն յանձնառութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, որուն կը միանաք նաեւ դուք այսօր: Ի՞նչ կը սպասուի ձեզմէ սիրելի ընկերներ: Եթէ Դաշնակցութեան զինանշանին նայիք, հոն պիտի գտնէք ձեր գործունէութեան ուղին: Յաճախ կրկնուած խօսք է՝ «կուսակցութեան ճամբով հայրենիքի ծառայութիւն եւ անձնազոհութիւն ամէն մակարդակներու վրայ»:
«Սակայն այդ բոլորը իրականացնելու համար կան տուեալներ եւ սկզբունքներ, զորս պէտք է անշեղ պահել: Վստահութիւնն է մարդկային ընկերութեան ողնայարը, եւ Դաշնակցութիւնը իբրեւ մանրանկարը հայ ժողովուրդին, ուր կը գործեն բոլոր խաւի պատկանող ընկերներ, իր գաղափարախօսութեան կողքին հիմնական տեղ ունի ընկերներու փոխադարձ վստահութիւնը, որովհետեւ Դաշնակցութեան ծրագիրները հաւաքական աշխատանք են: Հետեւաբար, վստահեցէք իրարու, վստահեցէք գործադիր մարմիններու՝ կոմիտէի եւ Կեդրոնական կոմիտէի որոշումներուն, որովհետեւ այսօրուան լրատուական ցանցերու վրայ չափազանց մոլորեցուցիչ եւ անճիշդ տեղեկութիւններ կան, խոնարհ եղէք, անկեղծ եղէք ձեր արտայայտութիւններուն մէջ, երբեք եւ երբեք մի վարանիք ձեր կարծիքը անվերապահօրէն արտայայտելու, որովհետեւ կարծիքներու տարբերութիւնը յառաջդիմութեան նշան է:
«Քրիստափորի հուրով, Ռոստոմի կամքով եւ Զաւարեանի նուիրումով ձեր առաքելութիւնը շարունակեցէք»:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ դոկտ. Յարութ Մկրտիչեան, որ կատարեց յատկապէս հետեւեալ նշումները.
«Դուք քիչ առաջ պաշտօնապէս միացաք շարքերուն ՀՅԴի՝ այն կազմակերպութեան, որ վերջին 15 տարիներուն կը պայքարի Դաշնակցութիւնը իր ակունքներուն վերադարձնելու: Կը պայքարի դաշնակցական մարդուն ազատութեան համար: Միացաք այն կազմակերպութեան, որ դարձած է Դաշնակցութեան ովասիսը: Երդուեցիք ՀՅԴ Ծրագիրին վրայ, որովհետեւ Ծրագիրն է, որ կը յղկէ դաշնակցական մարդուն միտքը: Եւ ճիշդ ասոր համար է, որ պայքարեցանք եւ կը պայքարինք բոլոր անոնց դէմ, որոնք Դաշնակցութեան մէջ ներածեցին եւ արտօնեցին փտախտը. որոնք՝ Դաշնակցութեան մէջ գտնելով անլուրջ եւ քմահաճ մարդիկ, անոնց միջոցաւ եւ զանազան միջոցներով կը փորձեն Դաշնակցութիւնը շեղել իր Ծրագիրէն, բարոյական արժէքներէն եւ ժողովուրդին ծառայելու սկզբունքէն:
«Ընկերներ, Դաշնակցութիւնը սովորական, դասական կուսակցութիւն չէ այլ՝ ինքնին արդէն գաղափարախօսութիւն է: Վաղամեռիկ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանին խօսքը փոխ պիտի առնեմ եւ ըսեմ, որ Դաշնակցութիւնը միջոց է, ճանապարհ է, նպատակ չէ: Եւ վայ այն օրին, երբ մենք ալ, օր մը այդ միջոցը վերածենք նպատակի: Այն ատեն պիտի նմանինք ճիշդ այն չակերտեալ դաշնակցականներուն, որոնք իրենց աղանդաւորական մտածելակերպով Դաշնակցութիւնը վերածեցին աղանդի: Այդ չէ Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդէն ծնած ժողովուրդին համար գործողն է, ազգասիրութիւն է, հայրենասիրութիւն է: Սակայն, դաշնակցականին հայրենասիրութիւնը պէտք է ըլլայ հաւասարակշռուած հայրենասիրութիւն: Անիկա պէտք է ըլլայ աւելի խորքային, քան կոյր ազգայնականութիւն կամ մակերեսային զգացական հայրենասիրական եռանդ: Եթէ մենք ունենանք հաւատք մեր ժողովրդին հանդէպ, սէր ազատութեան եւ մեր նոր սերունդին հանդէպ, հաւատացէք, որ մենք կրնանք վստահութեամբ նայիլ դէպի ապագայ»: