Հայաստան հրաւէր ստացաւ մասնակցելու Թուրքիոյ վերընտրուած նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի երդման արարողութեան, եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի անոր։ Այս մասին յայտնեցին վարչապետի աշխատակազմէն։
Անկախ Հայաստանի պատմութեան ընթացքին ասիկա Երեւանի` բարձրագոյն մակարդակով մասնակցութիւնն է այդ արարողութեան: Մինչեւ օրս, Հայաստան Թուրքիոյ նախագահի երդման արարողութեան մասնակցած է միայն մէկ անգամ` 9 տարի առաջ, 2014ի Օգոստոսին: Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրօք, դարձեալ Էրտողանի երդման արարողութեան մասնակցած էր այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան: