Համադրեց՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ծնած է 27 Յունուար 1910ին, Խարբերդի մէջ: Ան զաւակն է Թուրքիոյ մէջ վարկ ու յարգանք վայելող հայ աւետարանական հովիւ ու Եղեռնի նահատակներէն կիւրինցի վեր. Սամուէլ Մանուկեանի: Անդրանիկ փոքր տարիքին որբ մնացած ըլլալով, կրած է իր սերունդին բոլոր տառապանքներն ու դառնութիւնները:
1915ի ջարդերուն Անդրանիկ հասած է Մալաթիա եւ ընդունուած է որբանոց: Երեք տարի ետք, 1918ին ան հասած է Պէյրութ եւ ընդունուած է Անթիլիասի որբանոցը:
Պէյրութի մէջ եղած է Հայ Աւետ. քոլէճի առաջին շրջանաւարտներէն մէկը, 1927ին:
Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը, 1935ին: Ունեցած է մասնաւոր հետաքրքրութիւն մտային հիւանդութիւններու նկատմամբ: Տակաւին ուսանող, ան կապ պահած է Լիբանանի Մտային հիւանդութիւններու հաստատութեան հետ եւ բարձր գնահատանքի արժանացած՝ տնօրէնութեան կողմէ: Հազիւ շրջանաւարտ, ան հրաւէր ստացած է իբրեւ մնայուն բժիշկ ծառայելու նոյն հաստատութեան մէջ: 1937ին հոն աշխատած է իբրեւ օգնական հոգեբոյժ բժիշկ:
Առ ի գնահատանք իր ծառայութեան, բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ղրկուած է Անգլիա, մասնագիտանալու մտային հիւանդութեանց մէջ: 1939ին աւարտած է Էտինպարայի համալսարանի հոգեբուժութեան դասընթացքը:
1941-46ին ան ծառայած է բրիտանական բանակի Միջին Արեւելքի բաժանմունքին մէջ, հարիւրապետի ու ապա հազարապետի աստիճանով, իբրեւ հոգեբուխ:
1947-1980ին, բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան եղած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի հոգեբուժութեան բաժանմունքի դասախօս, իսկ 1980ին՝ պատուակալ փրոֆէսոր: 1956-80ին եղած է այդ բաժանմունքին պետը:
1956-82ին ան վարած է Պէյրութի մտային եւ ջղային հիւանդութիւններու պետական հիւանդանոցի բժշկապետութիւնը եւ բժշկական տնօրէնութիւնը:
1960ական տարիներուն, ան եղած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու ներկայացուցիչը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ:
Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան անդամակցած է տեղական, արտասահմանեան, միջազգային հոգեբուժական եւ բժշկական պետական ու հասարակական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու: Ան դարձած է շատ մը արաբական երկիրներու մտային առողջապահութեան հարցերու խորհրդատու եւ Լիբանանը ներկայացուցած է միջազգային համաժողովներուն:
1992ին ան ընտրուած է Լիբանանի հոգեբոյժներու միութեան ցմահ պատուաւոր նախագահ:
Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան եղած է Royal College of Psychiatry-ի հիմնադիր անդամը եւ Լիբանանի Հայկական բժշկական միութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը եւ եղած է անոր ատենապետներէն մէկը։
Ան ունի հոգեբուժական գիտական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ:
Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն Լիբանանի հայկական կազմակերպութիւններու մէջ: Ծառայած է ՀԲԸՄի մէջ եւ շուրջ 20 տարի եղած է վերին մարմնի անդամ, Լիբանանի Յանձնաժողովի փոխատենապետ, Աւետարանական համայնքի կարկառուն ղեկավարներէն մէկը, Հայկազեան համալսարանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանի հոգաբարձութեան անդամ, Հայ անկարներու կեդրոններու խնամակալութեան ատենապետ:
1965-87ին եղած է իբրեւ Հայ Աւետարանական համայնքային ժողովի ատենապետը: 1973ին իր ջանքերով հիմնուած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ երիտասարդական միութիւնը:
Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան պարգեւատրուած է Լիբանանի պետութեան Արժանեաց ոսկի շքանշանով, 1956ին, Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի «Կայսրութեան կարգի» շքանշանով, 1970ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Մետաղեայ պատուագրով», 1993ին, «Մեծ գիտնական-ուսուցիչ», «Փենռոզ», «Կիլիկեան իշխան» շքանշաններով, 2000ին, Լիբանանի պետութեան «Արզ Քոմանտոն» կարգի շքանշանով, 2003ին (յետ մահու):
1972-92ին ան եղած է Լիբանանի խորհրդարանի անդամ: Այդ տարիներուն մաս կազմած է Հայ երեսփոխանական պլոքին, ուր ունեցած է բեղուն գործունէութիւն:
Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ամուսնացած է Ալիս Խանթամուրի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով:
Ան մահացած է 10 Մարտ 2003ին, Պէյրութ։ Թաղման արարողութիւնը կատարուած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ եւ թաղուած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական գերեզմանատան մէջ:
31 Մայիս 2013ին, Լիբանանի «Բժիշկի տուն» բժիշկներու ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ կայացած մէկ համագումարի սկզբնաւորութեան, Լիբանանի հոգեբուժութեան հսկաներէն բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեանի թոռը ստանձնած է իր մեծ հօրը յետմահու շնորհուած յուշատախտակ մը, որպէս երախտագիտութիւն Լիբանանի մէջ հոգեբուժութեան մարզէն ներս անոր կատարած մեծ ծառայութիւններուն:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Պետրոս Մինասեան, «Պատմագիրք Կիւրինի», Պէյրութ, 1974:
2. Մինասեան, բժիշկ Յարութիւն, «Հայազգի Բժիշկ-Գործիչներ», Երեւան, 2020:
3. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս․ անձնական ծանօթութիւն, որպէս գործակից բժիշկ։
4. «Տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան Յետմահու Ի Պատուի», «Ազդակ» օրաթերթ, Պէյրութ, Լիբանան, 1 Յունիս 2013:
5. «Երիտասարդ Հայ» պարբերաթերթ, «Տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան Կը Խօսի», Պէյրութ, Լիբանան, 30 Սեպտեմբեր 1972: