12 Մայիսին առաւօտեան ժամը 10ի շուրջ, ատրպէյճանցիները Սոթքի ուղղութեամբ խախտեցին զինադադարը՝ կիրարկելով անօդաչու թռչող սարքեր։ Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ըստ նոյն հաղորդագրութեան` Հայաստանի զինուած ուժերու երկու զինուորներ վիրաւորուած են, մէկուն վիճակը բաւարար է, միւսինը` ծանր:
Որոշ յարաբերական կայունութենէ ետք, երեկոյեան ժամը 10:45ի շուրջ, Սոթքի, Կութի եւ Վերին Շորժայի հատուածներուն մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ հակառակորդը դարձեալ սկսաւ բաւական բուռն կերպով կրակել՝ պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւորներ։
«Մայիսի 12ին ադրբեջանական սադրանքի հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը պաշտպանելիս զոհուած զինծառայողն է Նարեկ Նորայրի Բաղդասարեանը (ծն. 2003 թ.)», կ՛ըսուի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ Հայաստանի պաշտպանական նախարարութեան՝ երեկոյեան Ատրպէյճանի բանակը մեծ տրամաչափի հրաձգիգներով կրակ բացաւ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, կիրարկելով նաեւ ականանետեր: Ժամեր ետք, նախարարութիւնը հաղորդեց կրակոցներու մեղմացման մասին: