Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ վերջինիս կողմէ ձեւաւորուած «Արդարութեան միացեալ նախաձեռնութիւն» բազմազգեան միաւորումի հետեւողական ջանքերուն իբրեւ արդիւնք՝ Աւստրալիոյ Թասմանիա նահանգի խորհրդարանը 11 Մայիսին ճանչցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը։ Այսպիսով, Թասմանիան դարձաւ Աւստրալիոյ երրորդ նահանգը, որ Նոր Հարաւային Կալեսի եւ Հարաւային Աւստալիա նահանգներէն ետք կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Համապատասխան օրինագիծը նահանգային խորհրդարանի քննարկման ներկայացուեցաւ խորհրդարանական Լարա Ալեքսանտրի կողմէ՝ արժանանալով խորհրդարանի իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու մեծ աջակցութեան՝ տարբեր քաղաքական խումբերէ եւ կուսակցութիւններէ։
Ներկայացուած բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրման ներկայ եղան տեղւոյն հայ, յոյն եւ ասորի համայնքներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Սիտնիի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչները։
Մեկնաբանելով բանաձեւին որդեգրումը՝ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Միքայէլ Քոլոքոսեան ըսաւ. «Ողջունելի է այս պատմական բանաձեւին որդեգրումը, մենք շնորհակալ ենք նախաձեռնութեան կողմնակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կ՛աշխատէին քուլիսներու ետին եւ ամբողջ խորհրդարանին, որ պաշտպանեց այս բանաձեւը, որուն իմաստը ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշելն է, այլ նաեւ ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը չարտօնելը»։
«Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատիլ Աւստրալիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հասնելու եւ ընդհանրապէս հայութեան շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ», կ՛ըսուի այս մասին Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։