
Ֆրեզնոյի Մուսա լերան հայրենակցական միութիւնը կու գայ տեղեկացնելու մեր հայրենակիցներուն եւ համայն մուսալեռցիներուն, թէ Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած մեր յուշարձանին կառուցման երկրորդ հանգրուանը՝ հիմնարկէքը, արդէն իսկ իրականացուցինք ։
1915ի հերոսամարտի 18 նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 29 Ապրիլին, «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ, հայկական «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներէն Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանին կից գտնուող հողամասին վրայ։ Ուշագրաւ էր, որ նոյն օրերուն, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Նեմեսիս»ի հերոսներուն նուիրուած յուշակոթողին բացումը:
Հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, բացման խօսքը կատարեց միութեան ատենապետը՝ Նշան Տէր Գալուստեան, որ բարի գալուստ մաղթեց Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին, Աշոտ վրդ. Խաչատուրեանին, վերապատուելի Ներսէս Պալապանեանին, Եսայի քհնյ. Պետրոսին, «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան յանձնախումբի ատենապետ Մարք Թօփուզեանին, կուսակցական, կազմակերպութիւններու ,միութենական եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներուն եւ ներկաներուն։ Ապա, ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթական օժանդակութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին կառուցուելիք յուշարձանի հիմնադրամին։
Ան դրուատիքով խօսեցաւ իր կողքին աշխատող՝ յուշարձանի յանձնախումբի անդամներուն մասին, որոնք պարտականութեան վեհ գիտակցութեամբ տքնաջան կ՛աշխատին այս նպատակին իրականացման համար:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Պերճ Աբգարեան։ Ան նախ դրուատեց յուշարձանին կառուցման աշխատանքը իրագործող յանձնախումբի բոլոր անդամները, վարչութիւնը եւ նիւթապէս ու բարոյապէս օժանդակողները եւ յանդուգն քայլ որակեց կոթողին կառուցման ծրագիրը։ «Այս յուշակոթողը միայն մուսալեռցիներուն չի պատկանիր, այլ համայն հայութեան», ըսաւ ան։

Աշոտ վրդ. Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ քաջալերեց Մուսա լերան յուշակոթողի յանձնախումբին աշխատանքը եւ ըսաւ, որ այս յուշակոթողը նորագոյն վկայութիւնը պիտի ըլլայ, թէ Մուսա լերան քաջարի հերոսամարտը յաւերժ պիտի յիշատակուի։
Վեր. Ներսէս Պալապանեան ընթերցեց Աւետարանի «Հռոմայեցիս» գիրքէն համարներ։
Յանձնախումբին գանձապահը՝ Արա Քարազեան, խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ համառօտ կերպով ներկայացուց յանձնախումբին մինչեւ օրս կատարած իրագործումները՝ կոչ ընելով, որ իւրաքանչիւր մուսալեռցի նիւթապէս եւ բարոյապէս մասնակցի յուշարձանի կառուցման գործին։
Ապա հոգեւորականաց դասը, առաջնորդութեամբ Աշոտ վրդ. Խաչատուրեանի՝ ուղղուեցաւ դէպի յուշարձանին վայրը՝ հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարելու համար: Անոնք հրաւիրեցին յուշարձանի յանձնախումբը՝ մասնակցելու հերոս նահատակներու մասունքները պարունակող մետաղեայ արկղի զետեղման. բոլոր մասնակցողներուն ձեռամբ, օրհնութեամբ եւ աղօթքներով արկղը տեղադրուեցաւ յուշարձանի հիմքին մէջ։
Արարողութեան աւարտին, ներկաները յոտնկայս արտասանեցին Տէրունական աղօթքը, ապա հրաւիրուեցան Հայ Առաջին Երիցական եկեղեցւոյ սրահը՝ հիւրասիրութեան:
Մուսա լերան միութեան Տիկնանց յանձնախումբը պատրաստած էր տոհմիկ սեղան մը:
Ներկաները սրահէն մեկնեցան ուրախ տրամադրութիւններով եւ լիցքաւորուած Մուսա լերան անմահ հերոսներու ոգիով։

Մեր աշխատանքին յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ՝ կանգնեցնել խորանը, ապա կայմը եւ դրօշը, այսինքն հերոսամարտի կերտիչներուն եւ նահատակներուն անմահ յիշատակը յաւերժացնող մնայուն կոթողը, թուրքին պատգամ տալու, թէ մենք յաւերժ ենք, իսկ մեր հերոս նահատակներուն յուշարձանը վկան է անոնց ժառանգորդներու գոյատեւման եւ իրաւատիրական պայքարի կամքին ։
Այս սրբազան ուխտը թող վարակիչ ըլլայ մեր յաջորդ սերունդներուն։
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Ֆրեզնօ