
Լաչինի միջանցքին մէջ ատրպէյճանական անցակէտեր տեղադրելով՝ Պաքու կ՛ապահովէ իր ինքնիշխան իրաւունքը եւ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը: 27 Ապրիլին, ըստ »Ազատութեան«, այս յայտարարութիւնը կատարեցին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քալոնայի հետ հանդիպումներուն ընթացքին: Վերջինս աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ ինք Պաքու կ՛երթայ՝ Ալիեւի վարչակազմին հետ քննարկելու Լաչինի ապաշրջափակման հարցը:
Հակառակ Ատրպէյճանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին պնդումներուն եւ մեղադրանքներուն, թէ Հայաստան Լաչինի միջանցքով զէնք կը տեղափոխէ Արցախ, Պաքուի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քալոնա յստակօրէն յայտարարեց, որ ճամբան պէտք է բացուի, կայ ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի համապատասխան որոշումը, եւ Պաքու պէտք է հաշիւի նստի այդ հարցով Ուաշինկթընի եւ Փարիզի դիրքորոշումներուն հետ:
«Լաչինի միջանցքի հարցին մէջ մեր տեսակէտը կը տարբերի, ինչո՞ւ՝ շատ պարզ պատճառով, որովհետեւ կայ իրաւական փաստաթուղթ՝ դատարանի վճիռ, եւ Ատրպէյճան պէտք է յարգէ միջազգային իրաւունքը», յայտարարեց Քալոնա՝ յատուկ կերպով ընդգծելով Փարիզի ափսոսանքը Լաչինի միջանցքին մէջ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն գծով: Ան նաեւ յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ միջանցքով ազատ տեղաշարժը պիտի նպաստէ փոխադարձ վստահութեան:
«Լաչինի միջանցքը բաց է եւ պիտի շարունակէ բաց մնալ«՝ արձագանգելով ֆրանսացի պաշտօնակիցին յորդորներուն՝ պնդեց Պայրամով: Ըստ անոր՝ Պաքու Երեւանին առաջարկեց զուգահեռ հսկողութիւն իրականացնել սահմանին՝ Լաչինի ճամբու մուտքին մօտ, բայց հայկական կողմը մերժեց։ »Ատրպէյճանական կողմի առաջարկներէն մէկը Լաչինի ճամբուն վրայ թափանցիկ վերահսկողութեան դրութեան ներդրումն էր: Սակայն Հայաստան հրաժարեցաւ զուգահեռ վերահսկողութեան առաջարկէն: Այդ պատճառով, Լաչինի ճամբու թափանցիկ հսկողութիւն ապահովելու նպատակով Ատրպէյճան 23 Ապրիլին քայլերու ձեռնարկեց մուտքի վերահսկման գործառոյթներ իրականացնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Պայրամով:
Հայկական կողմը ցարդ չարձագանգեց Պաքուի այս պնդումներուն:
Քալոնայի՝ Պաքու այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսա-Ատրպէյճան լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ: Պայրամով չծածկեց Ֆրանսայի նկատմամբ դժգոհութիւնը եւ ըսաւ, թէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ Փարիզը տարիներ շարունակ անտեսած է Պաքուի կոչերը եւ չէ դատապարտած հայկական կողմին քայլերը, այլ փոխարէնը յայտարարած է, որ պէտք է շարժիլ դէպի խաղաղութիւն:
Ատրպէյճանական կողմը այսօր ալ կը ձգտի խաղաղութեան, հաստատեց Պայրամով եւ դարձեալ մեղադրեց Երեւանը ապակառուցողական քաղաքականութիւն վարելուն մէջ: Ան նոյն ժամանակ նշեց, թէ կ՛ակնկալուի, որ Հայաստան վերադառնայ բանակցութիւններու սեղան՝ Պաքուի հետ քննարկելու խաղաղութեան պայմանագիրը: Ակնկալուող բանակցութիւններու վերսկսման ժամկէտներուն եւ ձեւաչափին մասին մանրամասնութիւններ չյայտնուեցան:
Իլհամ Ալիեւ իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստան կարելիութիւն չի տար Նախիջեւանի հետ միջանցք ստեղծել, իր զօրքերը դուրս չի բերեր Ատրպէյճանի տարածքէն, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահներ, եւ՝ չարաշահելով Լաչինի միջանցքը, Ղարաբաղ կը տեղափոխէ զէնք եւ ռազմական նշանակութիւն ունեցող այլ ապրանքներ:
Ըստ Ալիեւի՝ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը Ատրպէյճանի ինքնիշխան իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան ապահովման արտայայտութիւն է:
Մեկնաբանելով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին տարածաշրջանային այցելութիւնը՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ արեւմտեան երկիրները միշտ կը յայտարարեն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բնականոնացման իրենց մասնակցութեան մասին, սակայն, ըստ անոր, այդ ուղղութեամբ անոնց գործունէութիւնը կառուցողական չէ:
Ըստ Զախարովայի՝ Ֆրանսա ձախողեցաւ «ազնիւ միջնորդի» դերին մէջ: