
Այս շաբաթ, Ատրպէյճան ապօրինի անցարգել մը տեղադրեց Լաչինի (Բերձոր) միջանցքին վրայ գործնականապէս աւելի եւս սեղմելով Արցախի պաշարումը, որ ամէնօրեայ գոյութենական վտանգի տակ կը պահէ Արցախի ժողովուրդը, որմէ աստիճանաբար կը խլուին մարդկային տարրական իրաւունքները:
Հակառակ 2020ի պատերազմէն եւ յատկապէս անցեալ Դեկտեմբերին սկսած պաշարումէն ետք, Արցախի հերոսական ժողովուրդին դիմագրաւած ահռելի պայմաններուն` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր կառավարութիւնը իրենք իրենց աւելիով կը հեռացնեն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ապահովելու պայքարէն:
Այս շաբաթ, խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին, Փաշինեան յայտնեց, թէ Հայաստան արդէն իսկ ընդունած է, որ Արցախը Ատրպէյճանի մէկ մասն է, երբ ընդունած էր Արցախի տագնապին լուծումը գտնել այսպէս կոչուած Մատրիտեան սկզբունքներով: Փաշինեանի յայտարարութիւնը առաւել խնդրայարոյց կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք, որ անիկա կատարուեցաւ այն օրը, երբ Ատրպէյճանի բռնատէրը` Իլհամ Ալիեւ, յայտարարեց, թէ Հայաստան պէտք է ընդունի, որ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է», այլապէս կրնայ նոր յարձակումներու թիրախ դառնալ:
Փաշինեանի յայտարարութիւնը կ՛անտեսէր այն իրողութիւնը, որ Արցախի ժողովուրդը 1991ին արդէն իսկ հռչակած էր իր անկախութիւնը` օգտագործելով ինքնորոշման իր արդար իրաւունքը, որմէ ետք հանրաքուէով մը հաստատած էր Արցախի Հանրապետութիւնը:
Ռուսիա, որուն խաղաղապահ ուժերը Արցախի մէջ կը գտնուին, կ՛արտօնէ, որ Ատրպէյճան ապօրինաբար շարունակէ Արցախի շրջափակումը, նոյն ժամանակ անտեսելով Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններէն ներս ատրպէյճանական ռազմական յարձակումները եւ ներթափանցումները, մինչ Եւրոպական Միութեան 100 հոգինոց դիտորդական առաքելութիւնը «սահմանին վրայ չէր», երբ ատրպէյճանական ուժերը Սիւնիքի սահմաններէն ներս թափանցեցին այս ամսուան սկիզբը: Իր կարգին, Ուաշինկթըն մէկ կողմէ կոչ կ՛ընէ Պաքուին, որ վերջ տայ Արցախի պաշարումին, իսկ միւս կողմէ կը հիւրընկալէ ատրպէյճանցի բարձրաստիճան զինուորական պաշտօնատարներ:
Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ սրող աշխարհաքաղաքական պայքարը, որուն կռուախնձորներէն երկուքը դարձած են Արցախ եւ Հայաստան, աւելիով բարդացուցած է մեր հայրենիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, վտանգի տակ դնելով նոյնիսկ անոր գոյութիւնը:
Այս իրավիճակին մէջ, ոչ միայն անընդունելի է, այլ նաեւ դատապարտելի են Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը շահագործելու եւ անկարեւոր դարձնելու` Փաշինեանի ջանքերը: Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը ամրագրուած է ՄԱԿի եւ միջազգային շարք մը այլ փաստաթուղթերու մէջ եւ զայն կարելի չէ անտեսել:
Կ՛ողջունենք քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի եւ այլ քոնկրեսականներու յանդուգն կեցուածքները, երբ անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախի անկախութիւնը եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալ պահանջող քոնկրեսական բանաձեւին: Անոնք նաեւ խստօրէն կը դատապարտեն Ատրպէյճանի` Արցախի եւ Հայաստանի դէմ շարունակուող բռնարարքները:
Տարբեր առիթներով շեշտած ենք, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անկախութիւնը կը մնան ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի երկարակեցութեան հիմնաքարերը: Արցախի եւ Հայաստանի դիմագրաւած այս դժուար կացութեան մէջ, կոչ կ՛ընենք վարչապետ Փաշինեանին եւ անոր կառավարութեան, որ չմսխեն իրենց արիւնով եւ ինքնազոհութեամբ վաստկած արցախահայութեան տարրական իրաւունքները, եւ իբրեւ Արցախի ապահովութեան երաշխաւոր, ստանձնէ այս իրաւունքներուն պաշտպանի դերը` ի սէր հայ ազգի գոյատեւման:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
27 Ապրիլ, 2023